Home ՍՓԻՒՌՔ Տիարպէքիրի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը Վերածուի Գրադարանի 

Տիարպէքիրի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը Վերածուի Գրադարանի 

by MassisPost

Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ տարածքը, որպէս գրադարան, վարձակալուած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ։ Հայ Աեկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդը իր վրդովմունքը յայտնած է այդ կապակցութեամբ

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Թուրքիոյ Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ  ներկայացուցիչ՝ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուին կողմէ հրապարակուած տեսանիւթէն։

Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուն մասնաւորապէս ըսած է ՝« Մեզի համար ասիկա խոր վէրք մըն է, որ մեծ նեղութիւն կը պատառէ մեզի։ Վշտացած ենք։ Քանզի մեր պետութիւնը պէտք է մտածեր անոր մասին։ Ես, որպէս բողոքական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ, նախապէս ալ պահանջած էի, որ այդ վայրը մեզի տրուի։ Կը պատկերացնէ՞ք։ Մէկ եկեղեցի կայ եւ մէկ համայնք։ Սակայն եկեղեցին համայնքին չի յանձնուիր, յարմար չեն գտներ, որ ան որպէս եկեղեցի գործի։ Այդ հանգամանքը ոչ կրօնական եւ ոչ ալ բարոյական առումներով տեղին չէ։ Կը դատապարտենք այդ քայլը։ Պահանջած ենք, որ այդ վայրը տրուի մեր համայնքին։ Մենք յամառ կը մնանք մեր պահանջին մէջ։ Ան պէտք է մեզի ետ վերադարձուի»։

Թուրքիոյ Հայ Աւետ. համայնքի առաջնորդը նաեւ աւելցուցած է․ «1983-ին, երբ պայմանները բարենպաստ չէին, եւ ահաբեկչական գործողութիւններու թիւը մեծ էր, եկեղեցւոյ իրաւասուները բարի մտադրութեամբ զայն յանձնեցին պետութեան՝ ըսելով․ «Մենք պիտի չկրնանք պաշտպանել մեր գոյքը, դուք պահպանեցէք»։ Մի՞թէ անոնք սխալ ըրին այդ քայլով։ Այժմ պետութիւնը կ’ըսէ․ «Քանի որ եկեղեցին մեզի տրուած է, անիկա մերն է» եւ կը ցանկայ մեզի վարձով տալ եկեղեցւոյ տարածքը կամ այլ նպատակներով օգտագործել զայն։ Ամենաբարոյական քայլը, նման որոշումներէն հրաժարուիլն է ու այդ գոյքը համայնքին ետ վերադարձնելն է։ Քանզի այդ վայրը հիմնադրամի ունեցուածքն է։ Ոչ թէ նզովքի, այլ աղօթքի արժանացէք եւ հիմնադրամի գոյքը տէրերուն տուէք, որպէսզի անոնք ալ իրենց կրօնական պարտականութիւնները կատարեն այնտեղ։ Մենք անոր համար մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ իրաւական պայքար ալ պիտի մղենք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment