Home ՍՓԻՒՌՔ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Հրաւիրուած Են Հռոմ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ընտրելու Համար

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Հրաւիրուած Են Հռոմ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ընտրելու Համար

by MassisPost

Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու թեմերը ծառայութիւն կատարող Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները Սեպտեմբեր 20-ին հրաւիրուած են Հռոմ՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք ընտրելու համար, որ կը փոխարինէ Մայիս 25-ին մահկանացուն կնքած Գրիգոր Պետրոս պատրիարքին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս կը հաղորդէ vaticannews-ը, այս մասին յայտնած է Հալէպի հայ կաթողիկներու առաջնորդ եւ Տանն Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան թափուր աթոռի կառավարիչ՝ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը։

Նշուած է, որ Յունիս 22-ին հնարաւոր չէ եղած պատրիարք ընտրել, քանի որ թեկնածուներէն որեւէ մէկը չէ կրցած հաւաքել ձայներու երկու երրորդը, ինչպէս նախատեսուած է Արեւելեան եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնադրութեան մէջ։

Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը յայտնած է, որ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները պէտք է Սեպտեմբեր 20-ին հաւաքուին Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանը, ուր Սեպտեմբեր 22-ին պէտք է սկսին ընտրութեան նիստերը, զորս պիտի նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովներու կառավարիչ, կարտինալ՝ Լիոնարտօ Սանտրին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment