Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազը Միջնորդեց Բեկանելու Մարտ 1-ի Գործով Քոչարեանը Արդարացնելու Որոշումը

Դատախազը Միջնորդեց Բեկանելու Մարտ 1-ի Գործով Քոչարեանը Արդարացնելու Որոշումը

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազի տեղակալը այսօր՝ Օգոստոս 30-ին վերաքննիչ դատարանէն ներս ներկայացուց դատախազութեան բողոքը՝ խնդրելով բեկանել Մարտ 1-ի գործով Ռոպերթ Քոչարեանը արդարացնելու որոշումը եւ գործը վերադարձնել դատարան նոր քննութեան։

Մարտ 1-ի գործով տուժողներն ու գլխաւոր դատախազութիւնը կը վիճարկեն Հայաստանի երկրորդ նախագահը եւ անոր նախկին ենթակաները արդարացնելու առաջին ատեանի որոշումը։ Քոչարեանն ու միւսները այսօր դատարան չէին եկած ։

«Միջնորդում եմ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի 2021 թուականի Ապրիլի 6-ի որոշումը բեկանել, քրէական գործն ուղարկել նոյն դատարան՝ նոր քննութեան», – ներկայացուց դատախազ՝ Գէորգ Պաղտասարեան:

Պաղտասարեան կրկին պնդեց դատախազութեան դիրքորոշումը, որ 2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններու գործով արդարացուած Ռոպերթ Քոչարեանի ու անոր նախկին երեք ենթականերու արարքները չեն դադրիր գոյութիւն ունենալէ, անոնց պէտք է մեղադրանք առաջադրել պաշտօնական լիազօրութիւններ անցնելու համար։

Ծաւալուն միջնորդութեան մէջ գլխաւոր դատախազի տեղակալը շեշտադրեց նաեւ տուժողներու իրաւունքներու հարցը։ Շուրջ երկու տարի քննելով այս գործը՝ Ապրիլին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը կարճած էր զայն՝ հիմնուելով Սահմանադրական դատարանի որոշման վրայ։

Բարձր դատարանը անվաւեր եւ հակասահմանադրական գտած էր Քոչարեանին ու միւսներուն առաջադրուած սահմանադրական կարգը տապալելու մասին յօդուածը։

Այժմ առաջին ատեանի դատարանը կը քննէ միայն գործարար՝ Սիլվա Համբարձումեանի բողոքի հիման վրայ յարուցուած կաշառքի գործը, որով մեղադրեալ են նախկին նախագահն ու անոր աշխատակազմի նախկին ղեկավարը։

Մեղադրող դատախազը պնդեց, որ նախկին նախագահն եւ միւսները արդարացնելու որոշումէն յետոյ կ’անտեսուին Մարտ 1-ի տուժողներուն իրաւունքները։ Այս էր պատճառը, որ մեղադրեալները արդարացնելէ յետոյ դատախազութիւնը թէ՛ առաջին, եւ թէ՛ վերաքննիչ դատարաններէն խնդրած է կասեցնել գործը եւ դիմել Սահմանադրական դատարան։ Գլխաւոր դատախազի տեղակալը աւելի վաղ վկայակոչած էր օրէնքի որոշ դրոյթներ, որով Սահմանադրական դատարանի որոշումէն անմիջապէս յետոյ գործը պէտք էր փակուել, բայց անով ակնյայտօրէն կը վտանգուին տուժողներու իրաւունքները։ Առաջին ատեանի դատարանը, ինչպէս նաեւ վերաքննիչը յետաձգած են այս միջնորդութեան քննարկումը, յիշեցուց դատախազը։

«Ոտնահարուել են գործով տուժողների հիմնարար իրաւունքները եւ խախտուել է արդարադատութեան բուն էութիւնը», – նշեց Գէորգ Պաղտասարեանը:

Տուժողներու ներկայացուցիչ՝ Սեդա Սաֆարեան այսօր չներկայացուց իր բողոքը՝ մէկ այլ դատական նիստ ունենալու պատճառով բացակայելու թոյլտուութիւն խնդրեց։ Բացի այս երկու բողոքներէն, վերաքննիչը պէտք է քննէ նաեւ Քոչարեանի պաշտպաններու բողոքը, որով կը պահանջեն կա՛մ նուազեցնել Քոչարեանի գրաւի չափը, կա՛մ վերացնել գրաւի կիրառումը։

Քոչարեան աւելի քան մէկ տարի առաջ ազատ արձակուած էր կալանքէն 2 միլիառ դրամ գրաւի դիմաց։ Այն ժամանակ դատարանը եզրայանգած էր, որ գրաւը ի զօրու է նուազեցնել գործի քննութեան վրայ ազդելու վտանգը։ Զինք արդարացնելէն յետոյ դատաւոր Աննա Դանիբեկեան ուժի մէջ ձգած էր գրաւով ազատ արձակելու այդ որոշումը, յիշեցուց Քոչարեանի փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեանը։ Ան վկայակոչեց դատաւոր Դանիբեկեանի եզրայանգումը, թէ դեռ կայ վտանգ, որ Քոչարեանը կարող է խոչընդոտել գործի քննութիւնը ու ազդել գործով անցնող անձերուն վրայ։ Դատաւորը նկատի ունեցած էր կաշառքի գործը։

Փաստաբանները յայտարարեցին, որ կաշառքի գործով անցնում է 8 քաղաքացի, իսկ Մարտ 1-ի գործով անցնող անձերու թիւը քանի մը անգամ աւելի է՝ աւելի քան 100 տուժող եւ 868 վկայ. «Ըստ դատարանի, գրաւի չափը չի կարող ուղղակի կախուածութեան մէջ դրուել դատավարութեանը մասնակցող անձանց քանակից»:

Այսօր դատարանը վերացուց Մարտ 1-ի գործով արդարացուած, 2008-ին պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը գրաւած Եուրի Խաչատուրովի՝ սահմանը հատելու արգելքը։

 

Յաջորդ դատական նիստը Սեպտեմբեր 15-ին է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment