Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խաղաղապահները Սկսած Են Ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի Ջրամբարի Շինարարութեան Անվտանգութիւնը

Խաղաղապահները Սկսած Են Ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի Ջրամբարի Շինարարութեան Անվտանգութիւնը

by MassisPost

Ռուս խաղաղապահները սկսած են ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի ջրամբարի շինարարութեան անվտանգութիւնը, հաղորդած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Կառոյցը կը գտնուի բաժանարար գծի մօտ, ուստի այնտեղ անհրաժեշտ է խաղաղապահներու ներկայութիւնը»,- ըսած է առաքելութեան ներկայացուցիչ Ալեքսէյ Քոլեսնիքովը։ Ըստ հաղորդումներուն, ջրամբարը կը կառուցուի Մարտակերտի շրջանը եւ կը նախատեսուի շինարարութիւնը աւարտին հասցնել մինչեւ այս տարեվերջ։

Վերջին շաբաթներուն կը հաղորդուէր, որ Ստեփանակերտի մէջ ջուրի լուրջ խնդիր կայ․ պատճառը, ըստ իշխանութիւններուն, եղանակային պայմաններն են, անձրեւներու աննախադէպ պակասն ու այն հանգամանքը, որ վերջին պատերազմէն յետոյ մայրաքաղաքի բնակչութեան թիւի յաւելումը մօտ 30 տոկոսով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment