Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը 70 Կողմ Ձայնով Ընդունեց Կառավարութեան 2021-2026 Թուականներու Գործունէութեան Ծրագիրը

Ազգային Ժողովը 70 Կողմ Ձայնով Ընդունեց Կառավարութեան 2021-2026 Թուականներու Գործունէութեան Ծրագիրը

by MassisPost

Կայուն Զարգացում Եւ Հայաստանի Ու Արցախի Անվտանգութիւն. Փաշինեանը Հանդէս Եկաւ Ելոյթով

«Չնայած ներքին ու արտաքին սադրանքներին՝ Հայաստանը չպէտք է շեղուի իր ռազմավարական գծից, որն է` բոլոր միջոցները ձեռնարկելով պահպանել երկրի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ առաջ գնալ խաղաղութեան օրակարգով», այսօր՝ Օգոստոս 26-ին, խորհրդարանէն ներս կառավարութեան ծրագրի քննարկման եզրափակիչ ելոյթին յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան։

«Բայց մենք պէտք է յստակ արձանագրենք, որ մենք առաջ ենք գնում խաղաղութեան օրակարգով: Այո, մենք յստակ պէտք է արձանագրենք, որ մենք մեր զինուած ուժերը բարեփոխում ենք ոչ թէ տարածքներ նուաճելու, այլ ինչպէս խաղաղասէր ցանկացած պետութիւն, իր ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար: Մենք յարձակողական մտադրութիւններ չունենք մեր տարածաշրջանի որեւէ պետութեան հանդէպ, եւ մենք սա յստակ պէտք է արձանագրենք», – յայտարարեց վարչապետը:

Ըստ Փաշինեանին, Ազգային ժողովի դահլիճը ներկայ եղող որոշ ուժերու կողմէ փորձ կատարուած էր տպաւորութիւն ստեղծել, թէ սահմաններու սահմանազատումն ու սահմանագծումը Հայաստանին պարտադրուող օրակարգ է, մինչդեռ երբ Հայաստանը յայտարարեց, որ պատրաստ է եւ շահագրգռուած է այդ գործընթացով, Ատրպէյճանի արձագանքը չուշացաւ։

«Չէ՞ք նկատել, որ այլեւս Պաքուից չեն հնչում յայտարարութիւններ սահմանազատման եւ սահմանագծման մասին, ընդհակառակը՝ փորձ է արւում այդ օրակարգից դուրս բերել այդ հարցը: Մեր երկրի առաջ կանգնած մարտահրաւէրներն այսօր աւելին են, քան կարելի է այս ամպիոնից ասել, եւ 2018 թուականից է այդպէս եղել», – ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի առջեւ եղած մարտահրաւէրները ներքին չեն, այլ արտաքին են, ամփոփեց Փաշինեան՝ որպէս գլխաւոր նպատակներ նշելով կայուն զարգացումն ու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը։

«Մենք չունենք ոչ մի ներքին մարտահրաւէր, մեր բոլոր մարտահրաւէրները արտաքին են, եւ այս օրակարգի տրամաբանութեամբ պէտք է ապահովենք Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն զարգացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը եւ քաղաքացիների երջանկութիւնը: Սա այն մանտաթն է, որ ժողովուրդը տուել է մեզ», – ըսաւ վարչապետը:

«Խօսել ենք ներքաղաքական ճգնաժամի, բայց ոչ ներքին խնդիրների մասին», – աւելցուց Փաշինեան՝ ըսելով, – «Այն մարդիկ, ովքեր վիճարկում են ներքաղաքական ճգնաժամը յաղթահարուած է, թէ ոչ, նրանք արտաքին ճգնաժամերի յոյս ունեն, որի ֆոնին ինչպէս ճիշդ նկատուեց, փորձել են ներքաղաքական գրոհ կազմակերպել: Այնպիսի գրոհ, ինչպիսին փորձ են արել կազմակերպել Նոյեմբերի 10-ին»:

Հայաստանի վարչապետը չշրջանցեց նաեւ խորհրդարանի ընդդիմադիրներու որոշ յայտարարութիւններ, սակայն երէկ տեղի ունեցած ծեծկռտուքին չանդրադարձաւ, չդատապարտեց նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագրի» որոշ պատգամաւորներու յարձակումները ընդդիմադիր գործընկերներու վրայ։ Յիշեցուց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Սէյրան Օհանեանի յայտարարութիւնը խորհրդարան մտնելու կապակցութեամբ, երբ ան Ազգային ժողովի աթոռները համեմատած էր խրամատներու հետ՝ նշելով, որ եթէ գրաւած ես խրամատներ, բայց չես լուծած խնդիրը, պէտք է խրամատները գրաւես ու ամրացնես մինչեւ յաջորդ գրոհը:

«Բանախօսներից մէկի այլաբանութեամբ երբ որ ստանում ենք քաղաքական հակահարուածներ, պէտք է հասկանան, որ գրոհի երազանքն իրենց մտքերից պէտք է դուրս բերեն», – ընդգծեց Փաշինեան:

Մինչեւ կառավարութեան ծրագրի քուէարկութիւնը, որուն մասնակցեցան միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, ելոյթներ ունեցան նաեւ խորհրդարանական 3 խմբակցութիւններու ղեկավարները՝ Հայկ Քոնճորեանը, Սէյրան Օհանեանը եւ Արթուր Վանէցեանը, վերջինս վարչապետին հարց ուղղեց, թէ Սիւնիքը այս պահուն կտրուա՞ծ է Հայաստանի միւս մարզերէն։

«Երէկ, առաջի օրը, ունենում ենք ինչ-որ բանավէճեր, բանը հասնում է մարտերի, բայց մեր երկրի անվտանգութիւնը գտնւում է լուրջ սպառնալիքի տակ, մեր թշնամի երկիրը փակել է մի միջպետական ճանապարհ, եւ մինչեւ այս պահը մենք տեղեակ չենք արդեօք Սիւնիքը կտրուա՞ծ է Հայաստանի Հանրապետութեան մնացած մարզերից, թէ՞ ոչ», – յայտարարեց Վանէցեան:

Փաշինեան արձագանքեց Վանէցեանին, նախ խօսեցաւ երէկ տեղի ունեցած միջադէպի մասին, ապա կրկին յիշեցուց, որ Խորհրդային Հայաստանի սահմաններէն դուրս եղած ու այսօր վիճելի համարուող տարածքները վիճելի եղած են նախկին բոլոր իշխանութիւններու օրօք։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի խմբակցութեան ղեկավար՝ Սէյրան Օհանեանը նախ ներողութիւն խնդրեց երէկ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի համար։ Ապա անդրադարձաւ իր կողմէ ջուրի շիշը ՔՊ-ական պատգամաւոր՝ Հայկ Սարգսեանի ուղղութեամբ նետելուն:

«Դուք ուզում էք ի՞նչ, դրա համար ես ծափահարե՞մ, այդ վիրաւորանքների, «արա»-ով խօսելու, ի վերջոյ մենք կարող ենք նաեւ նոյն Հայկ Սարգսեանի հետ զրուցել առանձին եւ հասկանալ, եւ այս ամէն ինչը այս տեսարանի վերածելը ոչ թէ յատուկ խփելու մտադրութիւն է ունեցել, այլ վրդովմունքի մտադրութիւն է ունեցել եւ ոչ թէ, եթէ զէնք լիներ, զէնք կիրառելու», – ըսաւ Օհանեան:

Ազգային ժողովը 70 կողմ ձայնով ընդունեց Կառավարութեան 2021-2026 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment