Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծեծ, Քաշքշուք, Սեռական Բնոյթի Հայհոյանքներ Եւ Թռչող Ջուրի Շիշեր` Խորհրդարանէն Ներս

Ծեծ, Քաշքշուք, Սեռական Բնոյթի Հայհոյանքներ Եւ Թռչող Ջուրի Շիշեր` Խորհրդարանէն Ներս

by MassisPost

Ծեծ, քաշքշուք, սեռական բնոյթի հայհոյանքներ եւ թռչող ջուրի շիշեր։ Այսօր՝ Օգոստոս 25-ին Ազգային ժողովէն ներս ընդդիմութեան ու իշխանութեան միջեւ լուրջ բախում տեղի ունեցաւ։

Ամէն ինչ սկսաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Հայկ Սարգսեանի ելոյթէն, ուր ան հայրենիքի դաւաճան համարեց պաշտպանութեան բոլոր այն նախարարները, որոնց ժամանակ փողով բանակէն մարդ ազատուած է:

Տեղէն արձագանքեց պաշտպանութեան նախկին նախարար, այժմ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը ղեկավարող՝ Սէյրան Օհանեանը, իսկ Սարգսեանը յայտարարեց. «Ես քեզ եմ ասո՞ւմ, արա՛»։ Ի պատասխան Օհանեանը ձեռքի տակ եղած ջուրի շիշը նետեց իշխանական Հայկ Սարգսեանի ուղղութեամբ, որ  վրիպեցաւ։

Անկէ ետք սկսան ջուրի շիշեր թռչիլ դահլիճէն ներս եւ քաշքշոց տեղի ունեցաւ: Անվտանգութեան քանի մը տասնեակ աշխատակիցներ կենդանի պատ կազմեցին իշխանութեան ու ընդդիմութեան միջեւ։ Նաեւ դահլիճէն հանեցին իշխանական պատգամաւորները, անոնց կարգին` սեռական բնոյթի հայհոյանքներ հնչեցնող Հրաչեայ Յակոբեանը: «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին իշխանական պատգամաւորը պնդեց, որ քաղաքական խօսք հնչած էր եւ մեղադրեց ընդդիմութիւնը իրավիճակը սրելու մէջ. «Իմացէք` ովքեր են ընդդիմադիրները, իմացէք` ովքեր են ընդդիմադիրները»:

Ընդդիմադիր՝ Սէյրան Օհանեան ըսաւ,- «Իրենք սադրեցին, դրա համար տեղի ունեցաւ այս բախումը: Ծեծկռտուք տեղի չի ունեցել, բախում է տեղի ունեցել, հրմշտոցներ են եղել»:

Ըստ «Հայաստան» դաշինքին՝ Սէյրան Օհանեան շիշը նետած է, որովհետեւ իրեն «արա»-ով դիմած են։ Օրինակ` Վահէ Յակոբեան ըսած էր՝ թէ ինքը տեղը ըլլար ինքն ալ կը նետէր՝ ի պատասխան լրագրողի հարցին՝ թէ հնարաւո՞ր չէր աւելի զուսպ ըլլալ:

Ընդմիջումէն յետոյ դահլիճէն հաւաքուած էին բոլոր շիշերը, բայց այդ ալ չօգնեց։ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Վահէ Յակոբեանի ելոյթի ժամանակ կիրքերը վերստին բորբոքեցան։ Դահլիճէն «արա»-ով դիմեցին Յակոբեանին, ան նոյն ձեւով պատասխանեց, ապա ծեծկռտուք սկսաւ։ Տեսախցիկները նկարած են, թէ ինչպէս իշխանական պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեան ոտքով կը հարուածէ Վահէ Յակոբեանին։ Մինչեւ անվտանգութաեան աշխատակիցներու հասնիլը, Վահէ Յակոբեանին հարուածներ հասցուցած են նաեւ Հայկ Սարգսեանը՝ դէմքին, Վահէ Ղալումեանը՝ ականջին, օգնութեան հասած են նաեւ քանի մը այլ պատգամաւորներ։ Նաեւ երկրորդ ճակատ բացուած է՝ Նարեկ Գրիգորեանը, Հրաչեայ Յակոբեանը, Նարեկ Բաբայեանը, Հայկ Ցիրունեանը, Արթուր Յովհաննիսեանը Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահ՝ Իշխան Սաղաթէլեանին հարուածած են։

«Դուք հաշուի չէք առնում, որ երկար չէք կարողանալու ժողովրդականութեամբ, հաճելի բառերով, կենացներով եւ լոզունգներով ստեղծէք ծրագիր, կազմէք, որը աշակերտական աշխատանքի տպաւորութիւն է թողնում, եւ դա կերցնէք նորից ժողովրդին: Ամէն ինչին չափ ու սահման կայ», – իր ելոյթով ըսած էր Յակոբեան:

Թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ պարագային Ազգային ժողովի նախագահը ընդմիջում յայտարարած էր եւ անմիջապէս անջատուած ուղիղ հեռարձակումը, իսկ անվտանգութեան աշխատակիցները շտապած էին առաջին իսկ վայրկեաններուն լրագրողները հանել այն վայրէն, ուր տեսանելի է խորհրդարանի նիստերու դահլիճը։

«Հայաստան» Խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Գեղամ Նազարեանի խօսքով՝ իշխանական պատգամաւորներու հարուածէն վնասուած է նաեւ իր աչքը, երբ փորձած է կանխել Արթուր Ղազինեանի նկատմամբ բռնութիւնը:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»էն Ռուստամ Բաքոյեան կուսակիցներու հարուածները, ըսաւ, թէ չէ տեսած, բայց մեկնաբանեց թէ. «այն խփելը, որ բառերով անընդհատ շարունակում են անել, կարծում եմ` ինչ-որ պահի նաեւ ջուրը լցւում է բաժակում, հետեւաբար` նաեւ լինում է արձագանք»:

Ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը այսօր զիրար կը մեղադրէին սեռական բնոյթի հայհոյանքներ հնչեցնելու եւ իրավիճակը սրելու մէջ։

«Քաղաքացիական պայմանագրի» պատգամաւոր՝ Նարեկ Ղահրամանեան ըսած է, թէ հայհոյանքը հասցէագրուած եղած է որու որ արժանի է՝ Ղազինեանին:

Իսկ թէ Կարելի՞ է սեռական բնոյթի հայհոյանքներ հնչեցնելու հարցին Ղահրամանեան պատասխանած է,- «Դուք իրենցը լսե՞լ էք»: Եւ շարունակած,- «Բա չէ, բան եմ, հելնում եմ, սկսում մարդկանց հայհոյել: Խնդիրը հետեւեալում է, որ անընդհատ սադրում են, այդտեղ է խնդիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment