Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարար. Ձեռք Պիտի Բերենք Արդիական Զէնքեր

Պաշտպանութեան Նախարար. Ձեռք Պիտի Բերենք Արդիական Զէնքեր

by MassisPost

Հայաստան հրաժարած է հին սպառազինութիւն ձեռք բերելէ, այսօր՝ Օգոստոս 24-ին Ռուսաստանի մէջ յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան:

«Գործնական քայլեր ենք անելու մեր համագործակցութիւնը Ռուսաստանի հետ զարգացնելու ուղղութեամբ, մենք ծրագրում ենք ունենալ որակով սպառազինութիւն, մենք ծրագրում ենք ունենալ նոր սպառազինութիւն, մենք հրաժարուել ենք հին սպառազինութիւններ ձեռք բերելուց, դա մեր քաղաքականութիւնն է: Աւելի լաւ է` մենք ունենանք քիչ, բայց որակով եւ յստակ իմանանք, որ այդ սպառազինութիւնը գործելու է», – շեշտած է ան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին:

Մէկ այլ խնդիր եւս նախարարը մատնանշած է. «Մենք պէտք է փորձենք ունենալ սեփական զէնքի արտադրութիւնը», – նշած է Կարապետեան` պնդելով, թէ այստեղ եւս կայ աջակցութիւն` համատեղ ձեռնարկութիւններու բացման տեսքով:

«Արագ դա անելու ենք, մենք` որպէս ազգ, պէտք է կարողանանք արտադրել սեփական զէնք», – շեշտած է նախարարը:

Ըստ նախարարին` ուրիշ խնդիր մըն ալ պէտք է լուծել` թոյլ չտալ, որ ՊՆ-ի եւ արտադրող ձեռնարկութիւններու միջեւ ըլլան միջնորդներ: Անոր կարծիքով` այս երեք պայմաններու պահպանման պարագային կ’ունենանք արդիականացուած բանակ. «Եւ կարողանալու ենք դիմակայել մեր հանդէպ առկայ վտանգներին»:

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը աշխատանքային այցով Ռուսաստան կը գտնուի, այսօր ան ներկայ եղած է «Փաթրիոթ» կեդրոնի մէջ կատարուուղ «Արմիա 2021» ռազմաարդիւնաբերական համաժողով-ցուցահանդէսին: Պաշտպանութեան նախարարը, ըստ նախարարութեան հաղորդման, նաեւ աշխատանքային շարք մը հանդիպումներ ունեցած է ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment