Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հակամարտութիւնը Կարգաւորուած Չէ, Քանի Դեռ Որոշուած Չէ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը»,- Լին Թրեյսի

«Հակամարտութիւնը Կարգաւորուած Չէ, Քանի Դեռ Որոշուած Չէ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը»,- Լին Թրեյսի

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կրկին անգամ ղարաբաղեան հարցը բանակցութիւններով լուծելու կոչ ըրած է այս անգամ բարձրացնելով նաեւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։

«Վերջին պատերազմի հետեւանքները յաղթահարուած չեն, հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, քանի որ դեռ որոշուած չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը»,- «Լուրեր»-ու հաղորդմամբ՝ յայտարարած է Սիւնիքի մարզ այցելած Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան՝ Լին Թրեյսին։

«Մենք պիտի աշխատինք որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ՝ այդ դիրքերէն ձգտելով իրավիճակի ապամագլցման եւ միջադէպերու նուազեցման, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դիտարկել մնացեալ հարցերը՝ պատերազմի հետեւանքներու վերացումն ու միւս խնդիրներու վերջնական կարգաւորումը։ Մենք կը կարծենք, որ հակամարտութիւնը դեռ լուծուած չէ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը դեռ որոշուած չէ», – նշած է դեսպանը։

Մինսքի խումբի միւս համանախագահող Ֆրանսայէն յստակ յայտարարած են, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը դեռ կարգաւորուած չէ, եւ անիկա հնարաւոր է միայն ԼՂ վերջնական կարգավիճակի յստակացումէն յետոյ»։ Իսկ Ռուսաստանը կ’ըսէ, որ կարգավիճակի հարցը դեռ պէտք է համաձայնեցնել եւ հարցը ապագայի խնդիր կը համարէ, ինչպէս աւելի վաղ առանց ժամկէտներ նշելու Ռուսաստանի նախագահ՝ Փութինը ձեւակերպած էր ՝ «հարցը պէտք է լուծել ապագային, ապագայ ղեկավարներու կամ այդ գործընթացի մասնակիցներու կողմէ»:

Պաշտօնական Երեւանէն պարբերաբար հնչած է բանակցութիւններուն ներգրաւուելու պատրաստակամութիւն, վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը օր առաջ նոյնիսկ յայտարարած է, թէ «կը սպասեն յստակ առաջարկներու»: Ատրպէյճանը հարցը լուծուած կը համարէ։

Արցախի արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեան Լին Թրեյսիի յայտարարութիւնը կը համարէ շատ կարեւոր: Ըստ Բաբայեանի, եռանախագահները նոյն կարծիքին են, որ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած չէ, անիկա օրակարգին վրայ է, ուստի Ալիեւը չի կրնար հասնիլ իր ծաւալապաշտական ծրագիրներուն։

«Խնդիրը այն չէ, որ պէտք է վաղը սկսուեն բանակցութիւններ կարգավիճակի վերաբերեալ, այդ բանակցութիւնները Ատրպէյճանը հնարաւորինս ձգձգելու է խուսափելու է հակամարտութեան մասին ինչ-որ բանակցութիւններ վարել: Բայց դա չէ կարեւոր, կարեւորը այն է, որ երեք համանախագահող երկրների ներկայացուցիչները յստակ նշում են, որ կարգավիճակի հարցը կարեւոր է, այն օրակարգում է եւ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ: Հիմա ռուս խաղաղապահները այստեղ են, լայնածաւալ պատերազմ հնարաւոր չէ, ԵԱՀԿ Մինսքի եռանախագահող երկրների ներկայացուցիչները յայտարարում են, որ օրակարգում է կարգավիճակի խնդիրը, ինչը նշանակում է, որ այդ հարցը լուծուած չէ, ինչը նշանակում է նաեւ պատգամ Ալիեւին», – ըսած է Բաբայեան:

ԱՄՆ-ի դեսպանը Սիւնիքին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին արձագանքած է նաեւ անվտանգութեան ու սահմանային միջադէպերուն վերաբերող հարցին, կոչ ըրած է «իրավիճակի ապամագլցման եւ որ վերջ տրուի բռնութիւններուն»։

«Խնդիրներու լուծումը այնչափ կարեւոր է յատկապէս այն պատճառով, որ քաղաքացիական անձինք կը յայտնուին հակամարտութեան մէջ եւ անոնց անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը կը վտանգուին, ուստի, այս ամէնը հաշուի առնելով, այդ հարցերու լուծումը հրատապութիւն ձեռք կը բերէ»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է դեսպան՝ Թրեյսին։

Արցախի արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեան ըսած է, որ ատրպէյճանական կողմէն թեթեւ կրակոցներ կ’ըլլան պարբերաբար եւ կը կարծէ, որ այդ սադրանքները արցախցիներուն վրայ հոգեբանական ճնշում գործադրելու նպատակ ունին. Ան կը կարծէ, որ մինչեւ վերջ կանգնիլ պէտք է. «Ամէն ինչ կախուած է մեզանից, ես ձեզ կարող եմ բացէիբաց ասել՝ ամէն ինչ, եթէ աշխարհը տեսնում է, որ Արցախի բնակչութիւնը երբիցէ չի ընդունելու Ատրպէյճանի կազմում գոյատեւելու որեւէ հեռանկար, ի՞նչ են անելու, կոտորելո՞ւ են մեզ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment