Home ՍՓԻՒՌՔ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Յանձնում Լիբանանահայ Ուսանողներու

ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Յանձնում Լիբանանահայ Ուսանողներու

by MassisPost

Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Բ.Մ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնած՝  Հ.Կ.Բ.Մ. Կրթանպաստի բաշխումը, ուր Հ.Կ.Բ.Մ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Շրջանի Վարչութեան ներկայացուցիչ Կարօ Պեքարեանը յանձնեց հ.Կ.Բ.Մ-ի կրթանպաստի յայտագիրին ընդունուած 2 սահակեանաւարտ համալսարանական երիտասարդուհիներուն՝ Սարին Չափութեանի եւ Սարին Թանքեանի կրթանպաստը, Ներկայութեամբ հ.Կ.Բ.Մ. Լիբանանի Շրջանի Վարչութեան ատենապետ Արամ Մալեանի, վարչութեան անդամներուն եւ Հ.Կ.Բ.Մ. Սահակեան Լեւոն Մկրտչեան Գոլէճի տնօրէն՝ Նազօ Ճէրէճեանի։ Աւարտին, Հ.Կ.Բ.Մ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Շրջանի Վարչութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան ներկայացուցիչ  Կարօ Պեքարեանը։ Ան բարի երթ մաղթեց երկու համալսարանական երիտասարդուհիներուն։

PHOTO-202_3

PHOTO-2021-08-18-13-01-50

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment