Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մինչեւ Օրս 3831 Մարմնի Ու Մասունքի Դատաբժշկական Փորձաքննութիւններ Կատարուած Են

Մինչեւ Օրս 3831 Մարմնի Ու Մասունքի Դատաբժշկական Փորձաքննութիւններ Կատարուած Են

by MassisPost

Առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մինչեւ օրս 3831 մարմնի ու մասունքի դատաբժշկական փորձաքննութիւններ կատարուած են։

«Ազատութիւն»ի հարցման ի պատասխան գերատեսչութենէն յայտնած են, որ 3831 դատաբժշկական փորձաքննութենէն 2863 մարմնի ու մասունքի փորձանմուշ նոյնականացուած է։ Հետազօտման փուլին կը գտնուի 157 փորձանմուշ։

«Ազատութիւնը» գրաւոր հարցում ուղարկած էր նաեւ Քննչական կոմիտէ՝ տեղեկանալու, թէ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով մինչեւ օրս քանի անհետ կորած կայ։ Կոմիտէէն պատասխանած են, որ այդ տեղեկութիւնը չի կրնար տրամադրուիլ, պատճառաբանելով, որ «տեղեկատուութիւնը պարունակում է հրապարակման ոչ ենթակայ նախնական քննութեան տուեալներ»։ Մինչդեռ Յունիս 17-ին Քննչական կոմիտէն հրապարակեց անհետ կորած զինծառայողներու թիւը։ Այնուհետեւ անհետ կորածներու զինծառայողներու թիւի մասին տեղեկատուութիւն տարածեց նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment