Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միլիառաւոր Դրամներու «Ստուերային» Շրջանառութիւն Քոչարեանի Շտաբներուն Մէջ

Միլիառաւոր Դրամներու «Ստուերային» Շրջանառութիւն Քոչարեանի Շտաբներուն Մէջ

by MassisPost

Ըստ «Առաջին լրատուական»-ին, նախընտրական շրջանի «Հայաստան» դաշինքի շտաբներու գումարային շրջանառութիւնը օրէնքի սահմանած չափէն գերազանցած է քանի մը հարիւր անգամ։ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը յայտարարագրած է 309 միլիոն դրամի մուտք, որմէ իբրեւ թէ ծախսուած է ընդամէնը 245 միլիոն։ Իրականութեան մէջ միայն շտաբներուն տրուած գումարները, որոնք իբր թէ ծախսուած են աշխատավարձերու վրայ, կը հասնի 6 միլիառի (հաշուարկը թերեւս ՅՔԾ-ն աւելի ճիշդ կ’ընէ, քանզի 6 միլիառ դրամ կը ստացուի ընդամէնը 2 հազար շտաբի պարագային)։ Այսինքն մօտաւոր հաշուարկներով «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ֆոնտի գումարները մօտ 20 անգամ, այսինքն 2000% գերազանցած են օրէնքով նախատեսուած շեմը։ Միայն մամուլի հրապարակումներու համաձայն «Հայաստան» դաշինքի իւրաքանչիւր շտաբ ստացած է 6 հազար տոլար, այն ալ արժոյթով, ինչ որ օրէնքի կոպիտ խախտում է եւ կ’առաջացնէ խստագոյն պատիժներ միայն արժութային ապօրինի շրջանառութեան համար։

Տեղեկատուութեան արտահոսքի պատճառը Քոչարեանի որոշ բարեկամներն են, որոնք փորձած են «քցել» բազմաթիւ խմբակիցներ։ Այսինքն իրենք գումարը ստացած են, սակայն չեն տուած աշխատակիցներուն։ Ներկայիս մեծ խռովութիւն կայ այդ գումարներուն հետ կապուած։ Սակայն անոնք, որոնք կ’երթան շտաբներ եւ կը փորձեն ստանալ իրենց հասանելիք գումարները, անոնց «դէմ են տալիս» հաստավիզներ՝ Քոչարեանի «ոստիկանապետ» Սայաթ Շիրինեանի գլխաւորութեամբ։

Այսինքն խիստ նախնական հաշուարկները ցոյց կու տան, որ Քոչարեանի շտաբները պետութեան պատճառած են միլիոնաւոր դրամներու վնաս` չվճարած հարկերու տեսքով։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment