Օգոստոս 16-ին առաւօտեան ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները սադրանքի դիմած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ, Երասխի հատուած, յայտնած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը։
Մասնաւորապէս, ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան, ժամը 09:50-ի սահմաններուն, հակառակորդի դիպուկահարի արձակած կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի ԶՈւ N զօրամասի զինծառյող, 1975-ի ծնունդ, աւագ ենթասպայ՝ Վահան Դիմիկի Թաթոսեանը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն յայտնում զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին», – յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններու հետեւանքով հակառակորդը կորուստներ կրած է:
Նոյն օրը, ատրպեճնական ԶՈւ ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայ-ատրպեճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հակառակորդի կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի զինծառայող, 2002թ. ծնած, շարքային Արման Յովհաննէսի Յակոբեանը:
Հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններու շնորհիւ հակառակորդը ունի առնուազն երեք զոհ եւ վիրաւոր: