Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Պատրաստ Չէ Կամ Դէմ է Խաղաղութեան Պայմանագիր Ստորագրել. Ալիեւ

Հայաստանը Պատրաստ Չէ Կամ Դէմ է Խաղաղութեան Պայմանագիր Ստորագրել. Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը ցանկայ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել Հայաստանի հետ, «որպէսզի Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ սկսի սահմանազատման, այսինքն՝ սահմաններու հաստատման գործընթաց»: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը CNN Turk-ին տուած ծաւալուն հարցազրոյցի ընթացքին։

«Սակայն մենք մինչեւ օրս դրական պատասխան չենք ստացած Հայաստանէն։ Ըստ երեւոյթին, Հայաստանը պատրաստ չէ անոր, կամ ալ դէմ է անոր։ Ես ըսած եմ, որ ատիկա մեծ սխալ է, եւ իրենք կը զղջան։ Քանի որ մենք յաւերժ չենք պահեր այդ առաջարկը սեղանին։ Եթէ անոնք դէմ են անոր, թող բացայայտ ըսեն, որ չեն ցանկար խաղաղ պայմանագիր ստորագրել Ատրպէյճանի հետ։ Այդ պարագային մենք մեր քաղաքականութիւնը կը վարենք ըստ այնմ», – շարունակած է Ալիեւ։

Եթէ Հայաստանը պատրաստ է ճանաչել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, «այն ատեն, ի հարկէ, տարածաշրջան կու գայ երկարատեւ խաղաղութիւնը», վստահեցուցած է Ատրպէյճանի նախագահը հարցազրոյցի ընթացքին, որու բովանդակութիւնը թարգմանաբար հրապարակած են Azertac, Interfax, APA եւ այլ լրատուական գործակալութիւններ։
«Մենք կը ցանկանք այդ։ Միեւնոյն ժամանակ, անոր հասնելու համար այժմ սեղանին են յստակ առաջարկներ՝ ճանապարհներու բացում, Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծում, բոլոր առեւտրական կապեու վերականգնում։ Այսինքն, տեւական ընդմիջումէն յետոյ խաղաղութեան ապահովումը Հարաւային Կովկասի մէջ կը համապատասխանէ մեր շահերուն։ Կը համարեմ, որ ատիկա կը համապատասխանէ նաեւ Հայաստանի շահերուն։ Որովհետեւ Զանգեզուրի միջանցքը կը ծառայէ նաեւ անոնց շահերուն։ Անոնք կրնան երկաթուղագծային հաղորդակցութիւն հաստատել թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ։ Այսօրուայ դրութեամբ նման կապ չկայ, եւ նոր հնարաւորութիւններ ի յայտ կու գան նաեւ անոնց համար», – ըսած է Ալիեւ։

«Ի հարկէ, այդ միջանցքի բացումը Ատրպէյճանի համար շատ նպատակներու կը ծառայէ։ Ատրպէյճանը կը միանայ Թուրքիոյ նոր փոխադրային նախագիծով… Ատրպէյճանը երկաթուղագծային ճանապարհով կը միանայ իր անբաժան մասին` Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը պահանջենք, որ ճանապարհը բացուի Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւմտեան Զանգեզուրով։ Դժբախտաբար, Հայաստանը կ’առարկէ անոր դէմ։ Մինչեւ վերջին օրերս կ’առարկէր Զանգեզուրի միջանցքի բացման դէմ։ Քանի մը օր առաջ այնտեղ դրական կարծիք եղաւ, որ անոնք նոյնպէս դէմ չեն», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Պաշտօնական Երեւանը քանի անգամ շեշտած է, որ «միջանցքային» տրամաբանութեամբ հարց Հայաստանը «չի քննարկել, չի քննարկում եւ չի քննարկելու», խօսքը տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման եւ ապաշրջափակման մասին է։

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ ըսած է, որ Ռուսաստանէն իրենց ակնկալիքն է, որ «կատարուին եռակողմ Յայտարարութեան բոլոր դրոյթները»: Յայտարարութեան դրոյթներու մեծ մասը, ան ըսած է, արդէն իրագործուած է, սակայն կան որոշ հարցեր, որոնք բաց կը մնան։

«Ռուսաստանը՝ որպէս Ատրպէյճանի հարեւան եւ Հայաստանի մերձաւոր դաշնակից, ի հարկէ, յատուկ դեր կը խաղայ այս տարածաշրջանին մէջ։ Այդ բնական է։ Յուսով ենք, որ Ռուսաստանը հետագային ալ բոլոր ջանքերը կը գործադրէ այս տարածաշրջանի անվտանգութեան համար եւ քայլեր կը ձեռնարկէ երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, մեր ակնկալիքն է, որ Ռուսաստանը չզինէ Հայաստանը։ Մենք այդ հարցը հասցուցած ենք ռուսական կողմին։ Ատիկա մեզի կ’անհանգստացնէ », – յայտարարած է Ալիեւ։

Ատրպէյճանի նախագահը պնդած է, թէ Հայաստանը նոր ուժեր կը տեղակայէ Լեռնային Ղարաբաղ, ինչ որ, ըստ անոր, կը հակասէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան։ Պաքուն կ’ակնկալէ, որ Մոսկուան կատարէ եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերը։

Ատրպէյճանի նախագահի խօսքով՝ «ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը այժմ անվտանգ տարածք է, միեւնոյն ժամանակ՝ Հայաստանի հետ մեր սահմանին իրավիճակը երբեմն անհանգստութիւն կը յարուցէ, սակայն ընդհանուր առմամբ կայուն է։ Ատրպէյճանի նախագահը իր հարցազրոյցին ժամանակ անդրադարձած է նաեւ Ղարաբաղեան պատերազմին Թուրքիոյ դերին՝ նշելով, որ պատերազմին կարեւոր օգնութիւն էր ոչ միայն անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարումը Անգարայի կողմէ, այլ նաեւ Թուրքիոյ ղեկավարի, նախարարներու, բանակի անվերապահ աջակցութիւնը։

«Առանց Թուրքիոյ աջակցութեան Ատրպէյճանը մեծ խնդիրներ կ’ունենար։ Թուրքիան մեզի համար հայրենիք է, Ատրպէյճանը ձեզի համար հայրենիք է»,- ըսած է Ալիեւը՝ դիմելով CNN Turk-ի թղթակիցին։

«Թուրքիան ոչ միայն «Պայրաքթար»-ներ կը մատակարարէր, այլ նաեւ այլ զինատեսակներ, անոնց կարգին՝ «Քոպրա» տեսակի ռազմական մեքենաներ։ Եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի։ Փառք տիրոջ, Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը կը զարգանայ շատ արագ, եւ մենք ի հարկէ կ’օգտուինք անկէ», – յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment