Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գառնիկ Իսաղուլեանի Կողմէ Սուտ Մատնութիւն Կատարելու Վերաբերեալ Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

Գառնիկ Իսաղուլեանի Կողմէ Սուտ Մատնութիւն Կատարելու Վերաբերեալ Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

by MassisPost

«Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Գառնիկ Իսաղուլեանի կողմէ սուտ մատնութիւն կատարելու եւ բռնութիւն գործադրելու կոչեր հնչեցնելու վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է, յայտնած է Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ):

ՅՔԾ-ն յայտնած է, որ քրէական գործի նախաքննութեամբ պարզուած է, որ «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Գառնիկ Իսաղուլեանը, գիտակցելով իր տրամադրած տեղեկատուութեան կեղծ ըլլալը, կատարած է սուտ մատնութիւն, ինչպէս նաեւ հնչեցուցած է ՀՀ վարչապետի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր եւ բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացուցած:

Ըստ առաջադրուած մեղադրանքին` Գառնիկ Իսաղուլեանը 2020 թուականի Նոյեմբեր 23-ին` «Հայելի» մամուլի ակումբին մէջ ասուլիսի ժամանակ, գիտակցելով, որ իր կողմէ տրամադրուած տեղեկատուութիւնը կեղծ է, յայտնած է, թէ իբր ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ վերջինիս խումբի անդամները համագործակցած են Պաքուի ու ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններուն հետ, Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն ստացած են 48 միլիոն տոլար եւ նշուած գումարով 2018-ին ՀՀ-ի մէջ յեղափոխութիւն իրագործած: Այդպիսով Իսաղուլեանը ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց ուղղակի դիտաւորութեամբ, ըստ էութեան, մեղադրած է առանձնապէս ծանր յանցագործութեան՝ պետական դաւաճանութեան մէջ՝ կատարելով սուտ մատնութիւն:

Բացի այդ, նոյն ասուլիսի ժամանակ ան յայտնած է, թէ իբր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին տնօրէն՝ Արգիշտի Քեարամեան իր նշանակած անձնագրային բաժանմունքներու պետերու միջոցով 1400 հայկական անձնագիրներ բաժնած է հայերէնին տիրապետող ատրպէյճանցիներու, որմէ յետոյ վերջիններս մտած են Քաջարան եւ գացած Արցախ: Այսինքն` գիտակցելով, որ իր կողմէ տրամադրուած տեղեկատուութիւնը կեղծ է, Գ. Իսաղուլեանը հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է եւս մէկ չկատարուած յանցագործութեան մասին` այդպիսով ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց ուղղակի դիտաւորութեամբ մեղադրելով առանձապէս ծանր յանցագործութեան՝ պետական դաւաճանութեան մէջ:

Այնուհետեւ Գ. Իսաղուլեանը 2020-ի Դեկտեմբեր 13-ին «168.am» լրատուական կայքին մէջ, իսկ Դեկտեմբեր 14-ին՝ «Հայելի» մամուլի ակումբի ասուլիսներու ժամանակ, դարձեալ գիտակցելով, որ իր կողմէ տրամադրուած տեղեկատուութիւնը կեղծ է, յայտնած է թէ իբր Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար՝ Սամուէլ Բաբաեանը կազմակերպած է նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ՝ Պարգեւ Սրբազանի նկատմամբ սպանութեան նախապատրաստութիւն՝ այդպիսով Սամուէլ Բաբաեանին ուղղակի դիտաւորութեամբ յանիրաւի մեղադրելով առանձնապէս ծանր յանցագործութեան մէջ:

Բացի այդ, Գ. Իսաղուլեանը հրապարակային Youtube-ով 2020 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին հրապարակուած տեսանիւթով դիտաւորութեամբ հնչեցուցած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու կոչեր՝ նշելով, որ վարչապետին ֆիզիքապէս ոչնչացնողը պէտք է ստանայ ազգային հերոսի կոչում եւ 1 միլիոն տոլար պարգեւավճար: Իսաղուլեանը միեւնոյն ժամանակ հաւաստիացուցած է, որ Նիկոլ Փաշինեանը վնասելը հակաօրինական գործողութիւն չէ՝ այդ կերպ հրապարակայնօրէն արդարացնելով նաեւ նման բռնութիւնը:

Վերը նշուած արարքներու կատարման համար Գառնիկ Իսաղուլեանին մեղադրանք առաջադրուած է:

Քրէական գործը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատախազին` զայն հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment