Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ինչպես Սերժ Սարգսեանը Փորձած Էր Սեփականաշնորհել Կառավարական Ամառանոցը

Ինչպես Սերժ Սարգսեանը Փորձած Էր Սեփականաշնորհել Կառավարական Ամառանոցը

by MassisPost

Երէկ` Օգոստոսի 12-ին ԱԺ–էն ներս ՔՊ պատգամաւոր՝ Հերիքնազ Տիգրանեան` պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ՝ Արծուիկ Մինասեանի հարցին, թէ ինչպէս կը վերաբերուին կառավարական ամառանոցները զինուորի վերականգնողական կեդրոնի վերածելու` ընդդիմութեան նախընտրական գաղափարին հետ, յայտարարեց.

«Մինչեւ կառավարական ամառանոցներին հասնելը ՀՀ–ում այլ անշարժ գոյք կը գտնուի: Ես կարծում եմ, որ մինչեւ հասնելը կառավարական ամառանոցներին, ՀՀ–ում կը գտնուի շատ այլ անշարժ գոյք, որը կարող է ծառայեցուել այդ նպատակին։ Ուղղակի կառավարական ամառանոցներն անընդհատ վկայակոչելը ես համարում եմ, կը ներէք, ամբոխահաճութիւն»,– ըսաւ Տիգրանեան։

Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ խօսքը պետական սեփականութիւն հանդիսացող գոյքի արդիւնաւէտ օգտագործման մասին է։

ԱԺ նիստը վարող ԱԺ փոխնախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեան յիշեցուց, որ մինչեւ 2018–ի յեղափոխութիւնը, երբ ՀՅԴ ներկայացուցիչները դաշնային կառավարութեան անդամ էին, կառավարական ամառանոցներէն մէկը գործադրի որոշմամբ նուիրուեցաւ ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանին։ Յեղափոխութենէն ետք այդ որոշումը չեղեալ համարուեցաւ:

Այսօր արդէն համացանցով հրապարակուած են Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան ժամանակ ՀՀ կառավարութեան որոշումը, որու համաձայն կառավարական ամառանոցներէն մէկը անհատոյց, սեփականութեան իրաւունքով պիտի տրուի ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանին։

Իսկ  ստորեւ ներկայացուած է  Յեղափոխութենէն յետոյ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան որոշումը, որու համաձայն ուժը կորսնցուցած կը ճանաչուի  2018 թուականի Մարտ 29-ի Հայաստան Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Սերժ Սարգսեանին օրէնքով սահմանուած երաշխիքներ տրամադրելու մասին  կարգ մը կէտեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment