Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զոհուած Կամ Հաշմանդամ Դարձած 61 Հերոս Զինծառայողներ Կամ Անոնց Ընտանիքները Հատուցում Ստացած Են

Զոհուած Կամ Հաշմանդամ Դարձած 61 Հերոս Զինծառայողներ Կամ Անոնց Ընտանիքները Հատուցում Ստացած Են

by MassisPost

Թուրք-ատրպէյճանական միաւորման կողմէն Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած պատերազմի պատճառով զոհուած կամ հաշմանդամութիւն ձեռք բերած եւս 61 հերոս զինծառայողներ կամ անոնց ընտանիքներ հատուցում ստացած են ։ Այս մասին տեղեկացուցած են Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամէն:

Այժմ հիմնադրամի հիմնական շահառուներու քանակը 4316 է, որմէ 416-ը շահառու դարձած էին նախքան 2020 թուականի պատերազմը:

Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը ստեղծուած է հայրենիքի սահմանները պաշտպանած ատեն զոհուած, անհետ կորած, 1-ին եւ 2-րդ կարգի հաշմանդամութիւն ձեռք բերած մարտիկներու ու անոնց ընտանիքներու ընկերային բարօրութեան, կայուն եւ հաւասար ապահովագրական հատուցումներ տրամադրելու նպատակով:

Հիմնադրամի միջոցները կը գոյանան Հայաստանի ու Արցախի մէջ եկամուտ ստացող անձերու ամսական պարտադիր վճարներէն, ինչպէս նաեւ՝ կամաւոր նուիրատուութիւններէն, որոնք կը ստացուին նաեւ Սփիւռքէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment