Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զանգուածային «Քցումներ» Քոչարեանի Շտապներուն Մէջ

Զանգուածային «Քցումներ» Քոչարեանի Շտապներուն Մէջ

by MassisPost

Պարզուած է, որ անցած արտահերթ ընտրութիւններուն միայն Տիգրան Արզաքանցեանը չէ, որ «քցած» է իր աշխատողները։ Այս օրերուն բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնք աշխատած են «Հայաստան» դաշինքի շտաբներուն մէջ, կը փորձեն նախընտրական շրջանին իրենց խոստացուած փողերը ստանալ։

Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ բացի ընթացիկ ծախսերէն (սնունդ, թուղթ եւ այլն), իւրաքանչիւր շտաբի խոստացուած է 6 հազար տոլար, որմէ 1500 տոլարը՝ տուեալ տարածքէն ներս յաղթելու պարագային։ Սակայն խոստացուած գումարներու գրեթէ կէսը այս կամ այն պատրուակով չի տրուիր քաղաքացիներուն։

Բանն այն է, որ այդ անձերը գրանցուած աշխատողներ չեն եղած, պայմանագիր չեն ունեցած, ինչպէս Արզաքանցեանի պարագային։ Ամէն ինչ եղած է բանաւոր պայմանաւորուածութեան մակարդակով։

Հիմա, ով որ կ’երթայ եւ աղմուկով, սպառնալիքներով իր գումարները կը պահանջէ՝  գլխաւոր շտաբէն կը ստանայ զանոնք, որպէսզի լրացուցիչ աղմուկ չբարձրանայ։ Աւելի բարեկիրթները  Քոչարեանին նամակ գրած են  ենթադրելով, որ ան տեղեակ չէ։ Անոնց զայրոյթը անձամբ Քոչարեանին ուղղուած է, քանի որ բոլոր պատասխանատուները անոր ընտանիքի անդամներն են՝ որդի, փեսայ, եղբօր փեսայ եւ այլ մտերիմ անձեր։ Հիմա անոնց վերջին յոյսը այն է, որ Քոչարեան տեղեկանայ, որ իրենց գումարներու գրպանումը ոմանց ինքնագործունէութեան արդիւնքն է, եւ հրահանգէ վերադարձնել։

Նախընտրական շրջանին Քոչարեանին ներկայացուած են ուռճացուած ցուցակներ եւ գոյութիւն չունեցող ընտրողներու անուններով դուրս գրուած փողեր, որոնք գրպանուած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment