Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախարար Արշակ Կարապետեան մեկնած է Մոսկուա

Պաշտպանութեան Նախարար Արշակ Կարապետեան մեկնած է Մոսկուա

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Սերկէյ Շոյկուի հրաւէրով այսօր՝ Օգոստոս 10-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն, տեղեկացուցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի հանդիպումը ռուսաստանցի գործընկերոջ հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանքային շարք մը այլ հանդիպումներ:

Աւելի վաղ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագրի» անդամ, խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար առաջադրուած Անդրանիկ Քոչարեան ըսած էր, որ պիտի քննարկուին Հայաստանի սահմաններու հետ կապուած հարցեր, եւ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ «հակառակորդ կողմից որեւէ բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեայ»։

Ասիկա Կարապետեանի երկրորդ այցն է Մոսկուա Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը փաստացի գլխաւորելէն ետք։ Ան Մոսկուա էր նաեւ Յուլիս 27-ին, երբ կը կատարէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պարտականութիւնները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment