Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գրիգորեան Զասին Ներկայացուցած Է Սիւնիքի Եւ Գեղարքունիքի Մարզեր Ատրպէյճանական Զու Ներթափանցման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրադրութիւնը

Գրիգորեան Զասին Ներկայացուցած Է Սիւնիքի Եւ Գեղարքունիքի Մարզեր Ատրպէյճանական Զու Ներթափանցման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրադրութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեան այսօր՝ Օգոստոս 9-ին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զասը։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Արմէն Գրիգորեան ներկայացուցած է Զասին այն իրադրութիւնը, որ ստեղծուած է  ատրպէյճանական Զինուած ուժերու Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ներթափանցման հետեւանքով, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի պարբերական սադրանքները, անոնց կարգին՝ Նախիջեւանի տարածքէն։

ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս անվտանգային եւ կովկասեան տարածաշրջանի իրավիճակի վերաբերեալ հայկական կողմի գնահատականներու ծիրէն ներս, Արմէն Գրիգորեան ուշադրութիւն հրաւիրած է Արցախի դէմ ատրպէյճանաթրքական յարձակողական հետեւանքներուն եւ անոնցմէ բխող սպառնալիքներուն։ Երկուստեք շեշտուած է իրավիճակի ապամագլցումի անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ընդգծած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս արցախեան հիմնահարցի համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ ՀԱՊԿ-ի Հայաստանի գալիք նախագահութեան։ Արմէն Գրիգորեան տեղեկացուցած է հայկական նախագահութեան հայեցակարգային մօտեցումներու մասին՝ շեշտելով, որ առաջնահերթութիւններէն են կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ անդամ պետութիւններու կարիքներուն ժամանակին արձագանքելու մեքենականութիւններու ամրապնդումը։

Սթանիսլաւ Զաս իր հերթին ընդգծած է ՀԱՊԿ-ի կատարելագործման կարեւորութիւնը եւ վստահեցուցած, որ ՀԱՊԿ-ի աշխատանքային մարմինները կը ներդնեն բոլոր ջանքերը հայկական կողմի յայտարարուելիք առաջնահերթութիւնները կեանքի կոչելու համար։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment