Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանի ԱԳՆ․ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Արձանագրուող Միջադէպերը Կը Մտահոգեն Մոսկուան

Ռուսաստանի ԱԳՆ․ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Արձանագրուող Միջադէպերը Կը Մտահոգեն Մոսկուան

by MassisPost

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին շրջանին յաճախակի միջադէպերը լրջօրէն կը մտահոգեն Մոսկուան», – այսօր՝ Օգոստոս 5-ին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժնի փոխտնօրէն՝ Ալեքսանտր Պիքանոտվը։

«Մեզ կը մտահոգէ յատկապէս այն իրողութիւնը, որ այդ միջադէպերը երկու կողմէն ալ կ’ուղեկցուին զոհերով», – Մոսկուայի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է ռուսաստանցի դիւանագէտը՝ աւելցնելով, – «Ցաւօք սրտի, չնայած գործադրուող ջանքերուն, սահմանային լարուածութիւնը դեռ չի նուազիր։ Այդ առթիւ մենք կոչ կ’ընենք բոլոր կողմերուն խուսափելու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք յղի են իրադրութեան հետագայ վատթարացմամբ», – նշած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Պիքանտովի խօսքով՝ Ռուսաստանը պատրաստ է նպաստել իրադրութեան կայունացման, օժանդակելով հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի մեկնարկին։

«Այդ քայլերը, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային ուղիներու ապաշրջափակման եւ միջհամայնքային երկխօսութեան խթանման հետ մէկտեղ, կը նպաստեն Անդրկովկասի՝ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի վերածնելուն՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ ընթացիկ տարուայ Յունուար 11-ի յայտարարութիւններու դրոյթներուն համապատասխան», – նշած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Ալեքսանտր Պիքանտովը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment