Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն , ԵՄ-ը եւ Մինսքի Խումբի Համանախագահները Արձգանգած են Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Լարուածութեան

ԱՄՆ-ն , ԵՄ-ը եւ Մինսքի Խումբի Համանախագահները Արձգանգած են Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Լարուածութեան

by MassisPost

ԵԱՀԿ գործող նախագահը եւ Մինսքի խումբի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութիւններով, իսկ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Ռուսաստանը Մինսքի խումբի իր համանախագահը փոխած է: Չնայած դժուար է ճշգրիտ ըսել, թէ երբ փոխուած է ռուսաստանցի համանախագահը, որեւէ ժամկէտ ռուսական կողմը չէ նշած:

2010-էն ի վեր Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ՝ Իկոր Փոփովին փոխարինած է Իկոր Խովաեւը: 59-ամեայ Խովաեւը վերջին 5 տարիներուն Ռուսաստանի դեսպանն էր Ֆիլիփփիններու մօտ: Ան առաջին դասի յանձնակատարի դիւանագիտական աստիճան ունի: Մինսքի խումբի համանախագահի ի պաշտօնէ Խովաեւը նախօրէին առաջին անգամ միւս համանախագահներ Սթեֆան Վիսքոնթինի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըրի (ԱՄՆ) հետ հանդէս եկան յայտարարութեամբ:

Համանախագահները կոչ ըրած են Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին անյապաղ հանդարտեցնելու իրավիճակը, ձեռնպահ մնալու սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, ամբողջութեամբ կատարել Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ հրադադարի համաձայնեցման այլ պայմանաւորուածութիւնները:

Համանախագահները վերահաստատած են հակամարտութեան բոլոր հիմնական հարցերը բանակցուած, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորմամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը եւ կողմերուն կոչ ըրած են հնարաւորինս շուտ վերադառնալու բանակցութիւններուն իրենց հովանիի ներքոյ:

«Անոնք կը կրկնեն իրենց հովանիի ներքոյ ուղիղ երկկողմ խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու առաջարկը, որպէսզի կողմերը վերանային եւ համատեղ համաձայնեցնեն կառուցուածքային օրակարգը` արտացոլելով իրենց առաջնահերթութիւնները` առանց նախապայմաններու», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար՝ Անն Լինդըն եւս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ: Ան Թուիթըրեան էջին գրած է. «Հայ – ատրպէյճանական սահմանին բազմաթիւ միջադէպերու մասին հաղորդումները լուրջ մտահոգութիւն կը յարուցեն: Կողմերուն կոչ կ’ընենք զարգացնելու մարդասիրական քայլերը եւ ամբողջովին իրագործելու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, որպէսզի բոլոր չլուծուած հարցերը կարգաւորուին խաղաղ ճանապարհով»:

Հարաւային Կովկասի Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաարը նախօրէին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ: Ըստ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ին` ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը մտահոգութիւն յայտնած է երկու պետութիւններու սահմանին լարուածութեան վերաբերեալ: Պայրամովը ըսած է, թէ «ատրպէյճանական բանակը կը պատասխանէ հայկական կողմի ռազմական սադրանքներուն» եւ որ Ատրպէյճանը կը պաշտպանէ իր միջազգային սահմանները: Ան նշած է, որ Հայաստանը պէտք է վերջ տայ նման անպատասխանատու վարքագիծի եւ կատարէ իր պարտաւորութիւնները, աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճանը շահագրգռուած չէ սահմանի լարուածութեամբ եւ այդ խնդիրները դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու կողմնակից է:

Աւելի վաղ նոյն ձեւակերպումները Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած էր Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար՝ Ֆիլիփ Ռիքըրին վերջինիս հետ կայացած հեռախօսազրոյցին: Թէ Ռիքըրը, թէ Թոյվօ Քլաարը հեռախօսազրոյցներ ունեցած են նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող՝ Արմէն Գրիգորեանին հետ: Ներկայացնելով ստեղծուած իրավիճակը` Արմէն Գրիգորեան Քլաարին ըսած է. «Սադրիչ ռազմական գործողութիւններին զուգահեռ Ատրպէյճանը առաջ է քաշում Հայաստանի հանդէպ տարածքային եւ պատմական կեղծ պահանջներ, որոնք միտուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան խաթարմանը»:

Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ զրոյցին ընդգծուած է, որ Մայիս 12-էն սկսեալ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցելու եւ շարունակական սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած է լարուած իրավիճակ, որ հնարաւոր կ’ըլլայ յաղթահարել ատրպէյճանական զինուած ուժերու՝ ելման դիրքեր վերադառնելէ յետոյ:

Զրոյցներու ընթացքին, ինչպէս նշած է Հայաստանի ԱԳՆ-ը, նաեւ կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով ղարաբաղեան հակամարտութեան տեւական եւ արդար հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը ու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment