Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ուժի Կիրառումը Անընդունելի Է». Սթանիսլաւ Զաս

«Ուժի Կիրառումը Անընդունելի Է». Սթանիսլաւ Զաս

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զաս ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարէ եւ համոզուած է, որ հակասութիւնները կարգաւորելու համար պէտք է օգտագործուին բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական մեթոտներ:

Բացի այդ Զաս ողջունած է տարածաշրջանի իրավիճակի կայունացման ուղղուած Ռուսաստանի ջանքերը:

Սա ըստ էութեան ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պատասխանն էր հայ-ատրպէյճանական սահմանին ՀԱՊԿ դիտորդներ տեղակայելու Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի նախաձեռնութեան:

Ի դէպ՝ Սեպտեմբերին Հայաստանը պիտի ստանձնէ նախագահութիւնը այս կազմակերպութեան:

Քրեմլինը չէ մեկնաբանած Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով ռուսական սահմանապահներ տեղակայելու գաղափարը: Այս մասին այսօր լրագրողներուն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքովը:

«Երեւանի հետ շփումները կը շարունակուին, ես աւելցնելու բան չունիմ», – ըսած է Փեսքով՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէ՞ս Քրեմլինը կը դիտէ Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը՝ փոխարէնը շեշտելով, թէ Ռուսաստանը մեծ ջանքեր կը գործադրէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի ռեժիմը վերականգնելու ուղղութեամբ:

Բացի Փեսքովէն՝ Փաշինեանի այսօրուայ առաջարկութեան արձագանգած է նաեւ Պետտումայի ԱՊՀ հարցերու յանձնաժողովի ղեկավար՝ Լեոնիտ Քալաշնիքովը, որ յայտնի է իր ատրպէյճանամէտ յայտարարութիւններով: Պետտումայի պատգամաւորը ակնարկած է, որ դժուար թէ ՀԱՊԿ-ը համաձայնի դիտորդներ ուղարկել հայ-ատրպէյճանական սահման՝ նկատելով, թէ Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ է, եւ Փաշինեանը կը հասկնայ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դիրքորոշումը: Պատգամաւորի խօսքով՝ հարցը շատ բարդ է եւ առաջին հերթին այն պէտք է լուծեն երեք առաջնորդները՝ Փութինը, Ալիեւը եւ Փաշինեանը:

Մոսկուայէն ուշադրութեամբ կը հետեւին հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող զարգացումներուն: Երէկ Ռուսաստանի նախագահը անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարած է, որու ժամանակ նաեւ քննարկուած է իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին:

Ռուսական մամուլը աշխուժօրէն կը  լուսաբանէ սահմանին տեղի ունեցող բախումներու հետ կապուած Երեւանի եւ Պաքուի յայտարարութիւնները։

Ի դէպ՝ այսօր Փեսքովին հարցուցած են նաեւ, թէ ինչպէ՞ս քրեմլինը կը  մեկնաբանէ Վրաստան կատարուող ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւնները եւ անոնց Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը։ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանը ինքնիշխան պետութիւն է, եւ Մոսկուան կը կարեւորէ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment