ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տունը երէկ՝ Յուլիս 28-ին ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունեց քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութիւնը, որ կը սահմանափակէ Ամերիկայի կողմէ ռազմական օգնութեան տրամադրումը Ատրպէյճանին:
Փաստաթուղթը, որուն միացած էին թէ՛ դեմոկրատական եւ թէ՛ հանրապետական օրէնսդիրներ, արձանագրած է, որ յաջորդ տարի Ատրպէյճանին կարելի չէ գումար յատկացուիլ Միջազգային ռազմական կրթութեան ու վերապատրաստման, ինչպէս նաեւ` Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորման ծրագիրներով: Այս երկու յօդուածներով՝ անցեալ տարի Ատրպէյճանը Ուաշինկթընէն 1 միլիոն 600 հազար տոլար ստացած էր:
«Սա ազդակ է Ատրպէյճանին», – քուէարկութենէն յետոյ յայտարարեց առաջարկի հեղինակ, Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ՝ Ֆրանք Փալոնը: – «Այս նախագիծը յստակ ուղերձ կը յղէ, որ մենք պիտի չաջակցինք կամ հանդուրժենք բռնապետական վարչակազմերը, որոնք կը սպառնան խաղաղութեան ու անվտանգութեան, յատկապէս երբ այդ քայլերը ուղղուած են ժողովրդավար երկրի դէմ:
Քուէարկութենէն առաջ` օրուայ առաջին կէսին ալ դեմոկրատ քոնկրէսականը անդրադարձած էր հայ-ատրպէյճանական սահմանի լարուածութեան։ «Ատրպէյճանի յարձակումները մաս են ծրագրի մը, որու նպատակն է իւրացնել Հայաստանի տարածքը եւ հարուածել ժողովրդավարութեան»,- Թուիթըրով գրած էր ան, աւելցնելով` եթէ Պաքուն արժանի արձագանգ չստանայ, անընդհատ պիտի շարունակէ մահաբեր այդ յարձակումները:
Երէկ ընդունուած օրինագիծը, սակայն, միայն մասնակի կը կրճատէ Ամերիկայէն ռազմական օգնութիւն ստանալու Ատրպէյճանի հնարաւորութիւնները: Սակայն, ուժի մէջ կը մնայ օրէնքի մէկ այլ դրոյթ, որ կը լիազօրէ Ամերիկայի պաշտպանական գերատեսչութեան սեփական հայեցողութեամբ ռազմական սարքաւորումներ տրամադրել այս կամ այն երկրին` պայքարելու ահաբեկչութեան, ապօրինի առքուվաճառքի կամ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ: Սա այն յօդուածն է, որով եւ անցեալ տարիներուն Փենթակոնը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրած է Ատրպէյճանին: 2018-ին, մասնաւորապէս, այդ նպատակով Պաքուն ստացած էր աւելի քան 58 միլիոն տոլար, 2019-ին` աւելի քան 40 միլիոն:
Անցեալ տարի` Ղարաբաղեան պատերազմի ֆոնին, երբ հայամէտ քոնկրէսականները հարց տուած էին, թէ ինչու երկու տարուայ մէջ վարչակազմը շուրջ 100 միլիոն տոլար յատկացուցած է Ատրպէյճանին, Պաշտպանութեան բաժանմունքի խօսնակ՝ Մայք Հովարտը պարզաբանած էր․ – «Այդ աջակցութեան նպատակն է լուծել խնդիրներ, որոնք ազգային անվտանգութեան առումով կարեւոր են թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի համար»: