Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փարիզը Պատրաստ Է Դիտարկել Երեւանի Օգնութեան Յայտը. Ֆրանսայի Դեսպան

Փարիզը Պատրաստ Է Դիտարկել Երեւանի Օգնութեան Յայտը. Ֆրանսայի Դեսպան

by MassisPost

Ֆրանսան մտահոգ է Հայաստանի տարածքին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւններով եւ կը գտնէ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատումը պէտք է արդար ընթանայ՝ առանց ուժի գործադրման, այսօր՝ Յուլիս 28-ին լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոտը։

«Լիովին տեղեկացուած եմ, որ այս պահուն, երբ մենք այս միջոցառումը կը կատարենք, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի՝ Գեղարքունիքի մէջ զինուած գործողութիւններ կ’ընթանան։ Բնականաբար, մենք մտքով զինուորներու, զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ ենք։ Կը գիտակցինք, որ այս ամէնը տեղի կ’ունենայ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի վատթարացման համաթեքսթով։ Ասոնք իրադարձութիւններ են, որ կ’առաջացնեն Ֆրանսայի անհանգստութիւնը։ Սա հրադադարի խախտում է, եւ այս պատճառով Հայաստանի սահմաններուն անվտանգային իրավիճակը վատացած է։ Ֆրանսան կոչ կ’ընէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման։ Բայց գործընթացը պէտք է արդար ելլայ եւ պէտք չէ ընթանայ ուժի գործադրման ազդեցութեան ներքոյ։ Բնականաբար, կապեր կան Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս, որպէսզի նախեւառաջ իրավիճակի հանդարտեցում տեղի ունենայ, եւ երբ գայ ժամանակը, մեր ներդրումը ունենանք քաղաքական գործընթացի վերսկսման մէջ։ Այս պահուն մեր հիմնական մտահոգութիւնը Հայաստանի սահմանին տիրող իրավիճակն է։ Բնականաբար, մեր միտքն են նաեւ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան այն կէտերը, որոնց հետ դեռ խնդիրներ կան։ Մասնաւորապէս, Ատրպէյճան պահուող բոլոր ռազմագերիներու ազատման կէտը», – ըսաւ Լաքոտը։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ, Գեղարքունիքի մարզի Սոթք – Վերին Շորժա բնակավայրերու հատուածը գիշերը ատրպէյճանական կողմի յարձակման հետեւանքով մարտական գործողութիւններ սկսած են, որոնք շարունակուած են այսօր առաւօտեան։ Հայկական կողմը հաղորդած է երեք զոհի եւ չորս վիրաւորի, իսկ ատրպէյճանական կողմը՝ երկու վիրաւորի մասին:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաւաստմամբ՝ շփման գծի փոփոխութիւն տեղի չի ունեցած, «ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, տալով կորուստներ, ետ են շպրտուել իրենց ելման դիրքեր»։

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին հերթական ռազմական բախման եւ ՀԱՊԿ-ի՝ շարունակուող լռութեան ֆոնին, այսօր Ֆրանսայի դեսպանը կրկնեց անցեալ շաբաթ «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըրած իր աղմկայարոյց յայտարարութիւնը, թէ Փարիզը պատրաստ է դիտարկել պաշտպանութեան ոլորտի Երեւանի դիմումները. – ««Ազատութիւն»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած եմ, որ Ֆրանսան պատրաստ է դիտարկել պաշտպանութեան ոլորտի Հայաստանի դիմումները։ Բայց պէտք է հաշուի առնել նաեւ ընդհանուր քոնթեքսթը։ Նախեւառաջ, Հայաստանը եւ Ֆրանսան միեւնոյն ռազմական դաշինքներու մաս չեն կազմեր։ Ընդհանուր առմամբ, մեր նպատակը ոչ թէ ապագայ պատերազմներուն նախապատրաստուիլն է, այլ հակամարտութենէն եւ պատերազմէն խուսափիլը, որովհետեւ կը կարծենք, որ տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրները պէտք չէ ունենան ուժային լուծում։ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը եւ Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանի հարցը պէտք է լուծուին միայն բանակցութիւններու միջոցով։ Ցանկացած այլ ճանապարհ փակուղի կը տանի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment