Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Այժմ Կ’ապրի Աւելի Քան 120 Հազար Հայ. Թանդիլեան Կը Պատասխանէ Ալիեւին

Արցախի Մէջ Այժմ Կ’ապրի Աւելի Քան 120 Հազար Հայ. Թանդիլեան Կը Պատասխանէ Ալիեւին

by MassisPost

«Արցախում այժմ ապրում է աւելի քան 120 հազար հայ», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականներու հարցերու նախարար՝ Մանէ Թանդիլեանը՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի պնդման, թէ այնտեղ ապրողներու թիւը 25 հազար է:

Թանդիլեան «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին մանրամասնեց, որ իր պնդման հիմքը ընկերային եւ կրթական ծրագիրներու շահառուներու թիւն է,- «Մենք այդ ծրագրերի միջոցով փաստացի տեղեկատւութիւն ենք ստանում, թէ քանի մարդ է բնակւում Արցախում, շատ պարզ է հաշուարկը»:

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը օրերս յայտարարած էր, թէ Ղարաբաղ 25 հազար մարդ կը բնակի։ Անդրադառնալով ռուս խաղաղապահներու հրապարակած թիւերուն ան ըսած է, որ վերադառնալը չի նշանակեր մնալ այնտեղ։ Ալիեւի խօսքով՝ իրենք տարատեսակ միջոցներ եւ արբանեակ ունին ու գիտեն, թէ այնտեղ քանի ինքնաշարժ կայ եւ կը տեսնեն մարդոց տեղաշարժը։ Ատրպէյճանի նախագահը անտրամաբանական կը համարէ 25 հազար բնակիչներու համար կարգավիճակի հարցի քննարկումը։ Պատերազմի աւարտէն ի վեր Ալիեւը քանի մը անգամ յայտարարած է, որ ինքը ղարաբաղեան խնդիրը փակուած կը համարէ, մինչդեռ հայկական կողմը պարբերաբար կը բարձրացնէ Մինսքի խումբի ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսման եւ Ղարաբաղի կարգավիճակը ճշգրտելու հարցերը։
Մանէ Թանդիլեանի կարծիքով՝ Ալիեւի յայտարարութիւնը արցախահայութեան՝ հայրենիք ապրելու կամքը նսեմացնելու անյաջող փորձ է: Ըստ Արցախի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու (Սոցապ) նախարարին, Ատրպէյճանի նախագահը անթաքոյց բացայայտած է, որ բնակիչներու թիւը նշանակութիւն ունի ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման գործով:

«Եթէ նկատում էք, Ալիեւը փորձում է այդ հարցը փակուած համարել նաեւ իր խօսքերի մէջ բացայայտելով, որ այն չի կարող փակուած լինել, քանի որ այնտեղ կան ապրող քաղաքացիներ: Եւ ահա արցախահայութիւնը իրենց կամքի, իրենց երկրում ապրելու, իրենց մեծ ցանկութեան եւ հաստատակամութեան շնորհիւ նաեւ իրենց պարտքն են հատուցում մեր զոհուած զինուորներին՝ ապրելով Արցախում, բնակուելով, տեղափոխուելով իրենց հայրենիք», – ընդգծեց Մանէ Թանդիլեան:

Թանդիլեանի խօսքով՝ Արցախի մէջ այժմ բնակարանաշինական ծրագիրներ կ’իրագործէ Սոցապ նախարարութիւնը, օրինակ, ծրագիր մը կ’իրագործէ, որով գիւղերը բնակիլ ցանկացողներուն համար կը վերանորոգուին կիսաքանդ տուները.- «Նաեւ այդ ծրագրի շրջանակներում բազմաթիւ ընտանիքներ են վերադարձել եւ քաղաքներում այսօր՝ Մարտունի, Մարտակերտ, Ստեփանակերտ քաղաքաշինութիւն է ընթանում, նաեւ նոր բնակավայրեր են կառուցւում, լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներ են ընթանում Արցախում, եւ կառավարութիւնը յայտարարել է, որ երեք տարուայ ընթացքում պատրաստւում է առաւելագոյնս ապահով տեղահանածների բնակարանային ապահովումը», – նշեց Թանդիլեան:

Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւններուն անդրադարձած է նաեւ Արցախի պետական նախարար, մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան՝ Արտակ Բեգլարեանը՝ նշելով, որ Արցախի բնակչութեան թիւի մասին իր պնդումով Ալիեւ կը խոստովանի ու կ’ընդունի, որ Արցախի ճակատագիրն ու ապագան կախուած է Արցախի բնակչութենէն, եւ կը փորձէ պարզունակ հնարքով կեղծել իրականութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment