Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Սեւ Շուկայ. Կամ Դէպի Ո՞Ւր Կ’ուղղուին Արեւմուտքի Զէնքերը. Bulgarian Military

Ատրպէյճանական Սեւ Շուկայ. Կամ Դէպի Ո՞Ւր Կ’ուղղուին Արեւմուտքի Զէնքերը. Bulgarian Military

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն 2021-ի Ապրիլին երկարացուց Ատրպէյճանին ռազմական զինատեսակ եւ զինամթերք վաճառելու արգելքի կասեցումը: ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլենքընի խօսքով՝ Պաքուի զինամթերքի արտահանումը կարեւոր է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին Ուաշինկթընի ջանքերուն սատարելու տեսանկիւնէ, սակայն մեծ թիւով փորձագէտներ ու քաղաքական գործիչներ կասկածամտօրէն կը մօտենան  Սպիտակ տան դիրքորոշման նպատակայարմարութեան: Մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի քորնկրէսական Ատամ Շիֆը, քննադատելով Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարման արգելքը վերացնելու որոշումը, արձանագրած է, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները, պարբերաբար ռազմական աջակցութիւն ստանալով ԱՄՆ-էն կամ ԵՄ անդամ որեւէ երկրէն, ոչ միայն կը թաքցնեն փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինամթերքը պիտի ուղղուի հայերու դէմ, այլեւ այդ զէնքի որոշ մասը պիտի վաճառեն երրորդ երկիրներուն, ահաբեկիչներուն կամ սեւ շուկայի մէջ:

Ռազմական ու պաշտպանական լուրերու պուլկարական հետազօտական ու վերլուծական  Bulgarian Military հարթակը «ատրպէյճանական սեւ շուկայ. ո՞ւր կ’ուղղուին Արեւմուտքի զէնքերը» խորագրով անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ սեւ շուկային մէջ զէնք վաճառելու փաստին՝ փորձելով հասկնալ, թէ որքանո՞վ նպատակայարմար է Արեւմուտքի երկիրներու կողմէ զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին ու թէ ո՞ւր ու ի՞նչ նպատակներով անոնք կրնան կիրառութիւն ստանալ:

«Շատ ապացոյցներ արդէն հրապարակուած են, որոնք ցոյց կու տան Ատրպէյճանի կողմէ  սեւ շուկայի մէջ զէնքի անօրինական շրջանառութեան փաստը: Օրինակ, Պաքուն 2017 թուականին, որպէս կանոնաւոր զօրավարժութիւններու մաս, ցոյց տուաւ չեխական MLRS RM-70 համազարկային կրակի համակարգեր, որոնք, համաձայն չեխ պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն, այդ երկիրը պարզապէս չէր կրնար ունենալ՝ հաշուի առնելով Չեխիոյ Հանրապետութեան գործող օրէնքները: Այդ ժամանակ Հայաստանը արդէն իսկ կը բարձրաձայնէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այդ ռազմական համակարգերու յայտնուելու մասին, եւ այդուհանդերձ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց նման գործարքի անհնարինութեան մասին: Որպէս արդիւնք, ռազմական փորձագէտները սկսան տեսակէտներ յայտնել այն մասին, որ զինամթերքը ձեռք բերուած է ապօրինի ճանապարհով»,- գրած է Bulgarian Military-ն:

Հարթակը կը փաստէ, որ շատ վերլուծաբաններ հիմնաւոր կասկածներ ունին, որ Պաքուն Սուրիոյ եւ այլ թէժ կէտերու մէջ զէնք ու զինամթերք կը մատակարարէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներուն: Այդ մասին հետաքննական յօդուած հրապարակեց պուլկարացի լրագրող՝ Տիլեանա Կայթանճիեւան՝ բացայայտելով Anonymous Bulgaria ցանցահէններու խումբի կողմէ ստացուած գաղտնի տեղեկատուութիւնը, որու համաձայն ատրպէյճանական Silk Way Airlines օդանաւային ընկերութիւնը զինամթերք տեղափոխած է Սէուդական Արաբիա, իսկ այդ երկրէն զէնքը փոխանցուած է Եէմէնի սէուտամէտ ուժերուն, Սուրիոյ զինեալներուն, ինչպէս նաեւ տեղափոխուած Մալի, Պուրքինա Ֆասօ եւ Աֆղանիստան:

Ուշագրաւ է, որ այս տեսակէտը կը պաշտպանեն նաեւ Ատրպէյճանի ընդդիմադիր վերլուծաբանները: Համաձայն Timeturk գործակալութեան տուեալներուն՝ Ատրպէյճանը ձեւաւորած է «Մահմութ» զինեալ  խմբաւորումը, որ կը մասնակցի Սուրիոյ մէջ Պաշար Ասատի դէմ ռազմական գործողութիւններուն: Ատրպէյճանի կողմէ ձեռք բերուած զէնքերու մեծ մասը նմանօրինակ խմբաւորումներու միջոցով, ոչ առանց թրքական կողմի աջակցութեան, կը յայտնուի «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ձեռքը ու այդպիսով կը տարածուի ողջ աշխարհով:

«Հետեւաբար կ’առաջանայ ողջամիտ հարց՝ արդեօք ԱՄՆ-ին անհրաժեշտ են նմանօրինակ օրէնքներ, որոնք կ’օրինականացնեն միապետական ռեժիմներուն զինամթերքի մատակարարումը: Ամերիկացի պատմաբան, Antiwar վերլուծական կայքի խմբագիր՝ Տանիէլ Լարիսոնը վստահ է, որ ԱՄՆ անոր կարիքը չունի: Ան կոչ ըրած է Ուաշինկթընին սկսելու մշակել իրաւական մեքենականութիւններ, որոնք թոյլ կու տան արգիլել ՆԱԹՕ-ի զինամթերքի մատակարարումը Ատրպէյճանին, քանի որ Պաքուին ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելը  իրական վտանգ է Կովկասի իրադրութեան խաթարման տեսանկիւնէն:

Այսինքն, եթէ ԱՄՆ եւ եւրոպական երկիրները իսկապէս կը ցանկան արդարացնել արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իրենց յանձնառութիւնը եւ հակազդել միջազգային ահաբեկչութեան, անոնք պէտք է սկսին բարեփոխել իրենց օրէնսդրական համակարգերը, մասնաւորապէս, դադրեցնելով ցանկացած ռազմական աջակցութիւն Ատրպէյճանին»,- գրած է Bulgarian Military-ն:

Հարթակը անդրադարձած է նաեւ փաստին, որ Սուրիոյ մէջ թուրքերու կողմէ աջակցութիւն ստացող զինեալ խմբաւորման անդամները ատրպէյճանական կողմը յայտնուած էին 2020 թուականի Արցախի մէջ ծաւալուած պատերազմական գործողութիւններուն: Ուաշինկթընի մէջ գործող CNA հետազօտական կեդրոնի ռազմական փորձագէտ՝ Մայքլ Քոֆմանի կարծիքով՝ օգտագործելով «Իսլամական պետութիւն» եւ «Ալ-Քաիտա» ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ սերտ կապերու մէջ գտնուող սուրիացի զինեալները Արցախի մէջ, Ատրպէյճանը նպատակ ունեցած է նուազագոյնի հասցնելու սեփական կորուստները: Իսկ Ուաշինկթընի մէջ գործող մէկ այլ կեդրոնի՝ Center of global policy-ի փորձագէտ Էլիզապէթ Ցուրկովը, որ հարցաքննած է հակամարտութեան մասնակից քանի մը տասնեակ սուրիացիներ, հաստատած է, որ անոնք արցախեան վերջին պատերազմին օգտագործուած են որպէս «թնդանօթի միս»՝ մասնաւորապէս հարաւային հատուածներու ռազմական գործողութիւններու ժամանակ:

«Կասկածէ վեր է, որ թրքական իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ մարտահրաւէր նետած են համաշխարհային հանրութեան՝ բացայայտ շահագործելով զինեալները: Պաքուն հազիւ թէ կարողանայ մաքրել հեղինակութիւնը ահաբեկիչներու հետ համագործակցութեան ստուերէն, համագործակցութիւն, որու նպատակն էր գրաւել Լեռնային Ղարաբաղը: Իսկ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի Թուրքիոյ գործընկերները իրենց հերթին պէտք է մտածեն, թէ որքանով նպատակայարմար է հետագայ ռազմական ու արհեստագիտական համագործակցութիւնը Անգարայի հետ, յատկապէս Յունիսին ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ ատրպէյճանա-թրքական համաձայնագրի կնքման ֆոնին, որ Պաքուի համար կ’ընդլայնէ ՆԱԹՕ-ի ժամանակակից զէնքերու հասանելիութիւնը: Ո՞վ կ’իմանայ, թէ վաղը որու դէմ անոնք կրնան օգտագործուիլ»,- եզրափակած է յօդուածը Bulgarian Military-ն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment