Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոքիոյի Մէջ Մեկնարկեցին 32-րդ Ամառնային Ողիմպիական Խաղերը

Թոքիոյի Մէջ Մեկնարկեցին 32-րդ Ամառնային Ողիմպիական Խաղերը

by MassisPost

Թոքիոյի մէջ մեկնարկեցին 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը։ Մարզական գլխաւոր իրադարձութիւնը անցեալ տարի պէտք է կայանար, սակայն, «Քորոնա» ժահրի պատճառով յետաձգուեցաւ։

Այդուհանդերձ, Ողիմպիական խաղերը խիստ սահմանափակումներու պայմաններու մէջ տեղի կ’ունենան, Թոքիոյի բազմահազարանոց մարզադաշտին մէջ բացման արարողութեան ընդամէնը 950 մարդ կը մասնակցէր։ Բարձաստիճան հիւրերու կարգին էր նաեւ Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանը:

Որոշ մարզիկներու քովիտի հետազօտութիւնը արդէն դրական պատասխան ունին։
Հայաստանը մարզական ամենակարեւոր ստուգատեսին կը ներկայանայ 17 մարզիկներով, անոնցմէ ոմանք առաջին անգամ կը մասնակցին Ողիմպիական խաղերուն։ Խաղերուն առաջին անգամ մասնակցող 18-ամեայ լողորդ Վարսենիկ Մանուչարեան Հայաստանի հաւաքականի դրօշակակիրներէն մէկն է, միւսը բռնցքամարտիկ, Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի առաջնութեան մրցանակակիր Յովհաննէս Պաչքովն է, վերջինս պայքարի մէջ պիտի մտնէ այս կիրակի։ Նոյն օրը աւելի վաղ հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանը կը փորձէ իր ուժերը, ան եւս առաջին անգամ կը մասնակցի Ողիմպիական խաղերուն: Մինչ այդ, շաբաթ օր հայ մարզիկներէն առաջինը պայքարի մէջ պիտի մտնէ Եւրոպայի ախոյեան, մարմնամարզիկ՝ Արթուր Դաւթեանը։

Armenia-olympics-2

Հայաստանի հաւաքականին շարք մը հանգամանքներ խանգարեցին, որ աւելի մեծ կազմով ներկայանայ Թոքիօ 2020-ին, ըսած է Հանրային հեռուստաընկերութեան մարզական մեկնաբան՝ Արմէն Գարամեան. «Ընդհանուր առմամբ քովիտը խանգարեց նաեւ, որ մենք աւելի շատ ուղեգրեր ունենանք, նաեւ տարբեր պատճառներով մրցաշարեր անցկացուեցին հարեւան երկրում, թոյլ չտուեցին, որպէսզի մեր մարզիկները մասնակցեն եւ հնարաւորութիւն ունենան ուղեգրեր ձեռք բերելու, նաեւ թմրեցուցիչներու պատճառով ծանրամարտում ունեցանք խնդիրներ եւ այդ առումով այս անգամ մենք քիչ մասնակցով ենք ելոյթ ունենալու»:

Լրագրողի կարծիքով՝ հայ մարզիկներու մրցելոյթներէն ակնկալիքները մեծ են, ըստ Արմէն Գարամեանի, Հայաստանը 5 կամ 6 մետալ կ’ունենայ. «Առանձին մարզիկներին եթէ դիտարկենք, ամենամեծ սպասումները, բնականաբար, ծանրամարտում Սիմոնից են, ըմբշամարտում մեծ սպասելիքներ ունենք թէ՛ Արթուրից, թէ՛ Արսէնից, Վազգէնից եւ միւսներից եւս ու նաեւ բռնցքամարտում ու մարզական մարմնամարզութիւնում Արթուր Դաւթեանը, ի հարկէ, կարա մետալակիր դառնալ»:

Օգոստոս 1-էն պայքարի մէջ պիտի մտնեն յունահռոմէական ոճի ըմբիշները՝ Արմէն Մելիքեանը, Կարապետ Չալեանը, Կարէն Ասլանեանը եւ Ողիմպիական գործող ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը։ Օգոստոս 3-ին ոսկի մետալի համար կը պայքարի ծանրորդ՝ Սիմոն Մարտիրոսեանը։

Խաղերու աւարտին մօտ իրենց ուժերը կը չափեն ազատ ոճային ըմբիշները՝ Արսէն Յարութիւնեանը եւ Վազգէն Թեւանեանը։

Թոքիոյի խաղերուն կը մասնակցի 205 երկրէ շուրջ 12 500 մարզիկ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment