Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վիքթորիա Նուլանտ Արձագանգեց ԼՂ Հակամարտութեան Սուրիացի Զինեալներու Ներգրաւման Խնդրին

Վիքթորիա Նուլանտ Արձագանգեց ԼՂ Հակամարտութեան Սուրիացի Զինեալներու Ներգրաւման Խնդրին

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Ծերակուտականի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Յուլիս 21-ին կատարած է յանձնաժողովի լսումներ «Թուրքիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը» վերնագրով, տեղեկացուցած է Ամերիկայի ձայնը։

Լսումներուն, որպէս պատասխանող կողմ հանդէս եկած է քաղաքական հարցերով ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ՝ Վիքթորիա Նուլանտը, իսկ քննարկումը կը նախագահէր Ծերակուտականի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական՝ Պապ Մենենտըսը: Վերջինս լսումներու ընթացքին հարց բարձրացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջին հակամարտութեան ընթացքին Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան, մասնաւորապէս սուրիացի զինեալներուն հակամարտութեան գօտի տեղափոխման շուրջ:

«Թոյլ տուէք ուղղել մէկ հարց եւս: Արդեօ՞ք տեղեակ էք, որ Թուրքիան նպաստած է Սուրիայէն դէպի Ատրպէյճան զինեալներու տեղափոխման 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ժամանակ»,- հարց ուղղած է ծերակուտական Մենենտըս:

Ի պատասխան, քաղաքական հարցերով ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Նուլանտ առաջարկած է այս հարցը դարձնել առանձին քննարկման առարկայ:

«Կը կարծեմ, որ աւելի յարմար կ’ըլլար ձեր նշած այս դրոյթը քննարկել առանձին առիթով մէկ այլ պայմաններու մէջ, եթէ այդ ձեզի համար ընդունելի է, պարոն Նախագահ»,- պատասխանած է Նուլանտ:

Ծերակուտական Մենենտըս դրական արձագանգած է՝ աւելցնելով, որ անոր հետ մէկտեղ կը սպասէ պետական քարտուղարութեան արձագանգին պատերազմի օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման մասին:

«Շատ լաւ: Որպէս անոր մէկ մաս, ես նաեւ անհամբեր կը սպասեմ պետական քարտուղարութեան արձագանգին, թէ արդեօք ուսումնասիրած էք Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմին օգտագործուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերու գործածման հարցը: Այն կը ներառէր ԱՄՆ-ի մէջ արտադրուած մասեր, որ ես կը համարեմ բոլորովին անընդունելի»,- արձագանգած է Մենենտըս:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment