Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԿԸՅ-ը Պաշտօնապէս Կը Գրանցէ Նորընտիր Պատգամաւորները

ԿԸՅ-ը Պաշտօնապէս Կը Գրանցէ Նորընտիր Պատգամաւորները

by MassisPost

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) այսօր՝ Յուլիս 22-ին պաշտօնապէս կը գրանցէ նորընտիր պատգամաւորները։ 8-րդ գումարման Ազգային ժողովէն ներս պիտի ըլլան վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի ու նախկին նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի խումբերը։

«Շնորհաւորում եմ «Հայաստան» դաշինքին եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքին խորհրդարան անցնելու առիթով», – այսօր կառավարութեան նիստի մեկնարկին ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը։

Փաշինեան Քոչարեանի ու Սարգսեանի դաշինքները շնորհաւորելէ բացի այսօր կառավարութեան նիստին կոչ ըրաւ միասին աշխատելու կառուցողական եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ։

«Մենք վճռական ենք ժողովրդի առաջ մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները լիարժէք կատարելու գործում եւ պատրաստ ենք համագործակցային, ատելութեան խօսքից, բռնութեան խօսոյթից, վիրաւորանքից, արժանապատուութիւնը նուաստացնող բառապաշարից զերծ աշխատանքի, ինչպէս խորհրդարանական, այնպէս էլ արտախորհրդարանական ուժերի հետ», – յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատարը։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» ու «Պատիւ ունեմ» դաշինքներէն արդէն հնչած են յայտարարութիւններ, որ խորհրդարանէն ներս արմատական ընդդիմութիւն պիտի ըլլայ եւ Փաշինեանի իշխանութեան հետ պիտի չհամագործակցի։

Նոր Ազգային ժողովէն ներս կ’աշխատի 107 պատգամաւոր։ Ընտրողներու մեծամասնութեան քուէն ստացած «Քաղաքացիական պայմանագիր»էն 17 թեկնածու ինքնաբացարկ ներկայացուցած է, անոնց կարգին՝ նախորդ խորհրդարանի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանը։ «Հայաստան» դաշինքէն՝ երեք թեկնածու, անոնց կարգին՝ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Քոչարեան աւելի վաղ յայտարարած էր, թէ ինքը գործադիրի մարդ է։

«Հայաստան» դաշինքէն ընտրուած երկու պատգամաւոր կալանաւորուած է, եւս մէկը՝ Արմէն Չարչեանը, երէկ գրաւի դիմաց կալանքէն ազատուեցաւ:

Ընտրութիւններէն օրեր անց տարբեր քրէական գործերով ազատազրկուած են Մեղրիի համայնքապետ՝ Մխիթար Զաքարեանը եւ Սիսիանի համայնքապետ՝ Արթուր Սարգսեանը։ Անոնք չեն հրաժարած պատգամաւորական մանտաթներէն եւ այսօր կը դառնան պատգամաւորներ։ Փաստաբան՝ Արմէն Մելքոնեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին ըսաւ՝ պաշտօնապէս գրանցուելէ յետոյ պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւն կ’ունենան, որ Սահմանադրութեան պահանջ է։

«Օրէնքի ուժով ի հարկէ կը ստանան, մարդն Ազգային ժողովի պատգամաւոր է դարձել», – ըսաւ Մելքոնեան։

Ըստ փաստաբանին՝ անոնք պէտք է ազատ արձակուին, իսկ եթէ գլխաւոր դատախազը կը համարէ, որ անկէ յետոյ պատգմաւորները կալանաւորելու անհրաժեշտութիւն կայ, պէտք է միջնորդութիւն ներկայացնէ Ազգային ժողով՝ անոնց անձեռնմխելիութենէն զրկելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment