Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան. ՀՀ-ը Պատրաստ Է Ներգրաւուիլ Ղարաբաղեան Հիմնահարցի Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ

Արմէն Գրիգորեան. ՀՀ-ը Պատրաստ Է Ներգրաւուիլ Ղարաբաղեան Հիմնահարցի Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող՝ Արմէն Գրիգորեանն ու Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) ֆրանսացի պատգամաւոր, Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ՝ Նաթալի Լուազոն քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները, անոնց կարգին՝ արցախեան պատերազմի մարդասիրական հետեւանքներու յաղթահարման ուղիները։

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդմամբ` վերահաստատուած է Ատրպէյճան պատանդառութեան մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու առանց նախապայմաններու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը:

Արմէն Գրիգորեան ԵԽ-ի մօտ «La République en Marche» կուսակցութեան պատուիրակութեան ղեկավարին ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններու ստեղծած իրավիճակը, միաժամանակ ընդգծած, որ Հայաստանը պատրաստ է՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան կողմէ առաջարկուող մօտեցումներու հիման վրայ, որոնք կը վերահաստատեն համանախագահութեան կողմէ մշակուած սկզբունքները, անոնց կարգին՝ ինքնորոշման իրաւունքը, ներգրաւուելու ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment