Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Չարչեան 15 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուեցաւ

Արմէն Չարչեան 15 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուեցաւ

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի արդէն նախկին տնօրէն՝ Արմէն Չարչեանի կալանքը այսօր՝ Յուլիս 21-ի դատարանի որոշմամբ փոխարինուեցաւ 15 միլիոն դրամ գրաւով եւ չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ։

Երէկ այս գործով առաջին դատական նիստին, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Չարչեանին կալանքէն ազատ արձակելու հարցը, անոր փաստաբանները յայտարարեցին, որ գործի նախաքննութիւնը աւարտած է, ուստի այն պնդումները, թէ պատգամաւորի թեկնածուն կը խոչընդոտէ քննութիւնը, արդէն ժամանակավրէպ են։

Փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեան նշած էր, որ այս գործով անցնող բոլոր վկաներու ցուցմունքները կը կրեն արդարացնող բնոյթ, չկայ գէթ մէկ հոգի, որ իր պաշտպանեալի դէմ ցուցմունք տուած է, եւ որ դատավարութեան այս փուլին առկայ չէ այնպիսի գերակայ շահ, որ կրնայ արդարացնել Չարչեանի՝ հետագայ կալանքի տակ մնալը։ Ալեքսանեան անգամ մը եւս պնդած էր, որ քաղաքական հետապնդում կ’իրագործուի իր պաշտպանեալի նկատմամբ։

Յունիս 20-ի ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ համացանցով տարածուած էր «Իզմիրլեան»-ի աշխատակիցներուն հետ Չարչեանի գումարած ժողովի ձայնագրութենէն հատուած մը, զոր իրաւապահները որակած էին, որպէս ընտրողի ազատ կամքի իրագործման խոչընդոտում, եւ մեղադրանք առաջադրած բժշկական կեդրոնի նախին ղեկավարին։ Վերջինս ձայնագրութեան մէջ ըսած է, թէ ինքը «Հայաստան» դաշինքի ընտրացուցակին վրայ է եւ կը խնդրէ անպայման մասնակցիլ ընտրութիւններուն։ Կը լսուի նաեւ, թէ ինչպէս ան զգուշացուցած է, որ ընտրութիւններէն յետոյ կը կարողանայ իմանալ, թէ ով մասնակցած է քուէարկութեան եւ ով՝ ոչ։ Չմասնակցողներու հանդէպ ալ վերաբերմունքը կը փոխուի։

Չարչեան յիշեցուցած է նաեւ, որ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը կը պատկանի Մայր Աթոռին, իսկ վերջինիս դիրքորոշումն է, որ ներկայ իշխանութիւններու օգտին պէտք չէ քուէարկել։

Կալանաւորուելէն առաջ Չարչեան «Ազատութիւն»ին ըսած էր, որ իր արարքը յանցագործութիւն չէ եւ իր աշխատակիցները ո՛չ հարկադրած է եւ ո՛չ ալ պարտադրած, արձակուրդի մէջ եղած է այդ օրերուն, եւ ժողովը գումարած է ոչ որպէս գործատու։

Արմէն Չարչեան «Հայաստան» դաշինքի ընտրացուցակի 20-րդ համարն է եւ կը պատրաստուի վերցնել պատգամաւորական մանտաթը։

Արմէն Չարչեանը մեղսագրող յօդուածով կը նախատեսուի չորսէն եօթ տարի ժամկէտով ազատազրկում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment