Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան» Դաշինքը Վերցուց Մանտաթները

«Հայաստան» Դաշինքը Վերցուց Մանտաթները

by MassisPost

«Հայաստան» դաշինքը կը վերցնէ մանտաթները, «Ազատութիւն»-ին յայտնեց դաշինքի ներկայացուցիչ, ցուցակի երկրորդ համար՝ Իշխան Սաղաթէլեան։

Երէկ՝ Յուլիս 19-ի երեկոյեան դաշինքի վարչապետի թեկնածու՝ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ պատգամաւորական մանտաթը պիտի չվերցնէ։ Արդէն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացուած է անոր ինքնաբացարկի դիմումը։

Քոչարեան իր որոշումը բացատրած է, որ ինք իր բնաւորութեամբ գործադիր իշխանութեան մարդ է՝ չնայած ժամանակին եղած է պատգամաւոր թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի խորհրդարաններու։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ ինք առաջադրուած էր, որպէս «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու։

«Միեւնոյն ժամանակ, հարկ եմ համարում շեշտել, որ Ազգային Ժողով իմ չգնալը չի նշանակում դուրս գալ պայքարից։ «Ֆրակցիան» դաշինքի ներկայութիւնն է ԱԺ-ում, իսկ ես շարունակում եմ մնալ Դաշինքի առաջնորդը ու ամենօրեայ հետեւողական աշխատանքով նպաստելու եմ մեր սպասուելիք յաղթանակներին», – նշած է Քոչարեան յայտարարութեան մէջ։

Դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց. – «Այո, մենք որոշում ունենք, որ մանտաթները վերցնելու ենք։ Այդ առթիւ քիչ ուշ հանդէս կու գանք յայտարարութեամբ»։

Ռոպերթ Քոչարեանէն բացի, «Հայաստան» դաշինքէն ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է Մարիաննա Եփրեմեանը։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագր»էն ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած են 16 թեկնածու՝ Նիկոլ Փաշինեանը, Արարատ Միրզոյեանը, Լիլիթ Մակունցը, Սուրէն Պապիկեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Անահիտ Աւանեսեանը, Ռոմանոս Պետրոսեանը, Յովհաննէս Յարութիւնեանը, Յակոբ Սիմիդեանը, Գնել Սանոսեանը, Համբարձում Մաթեւոսեանը, Տիանա Գասպարեանը, Դաւիթ Գէորգեանը, Նարեկ Մկրտչեանը, Արամ Խաչատրեանը եւ Արմէն Փամբուխչեանը։

Նիկոլ Փաշինեանէն բացի, որ «Քաղաքացիական պայմանագրի» վարչապետի թեկնածուն է, առայժմ յայտնի է միայն, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը 2,5 տարի ղեկավարած Լիլիթ Մակունցը պիտի նշանակուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսապան։ Կուսակցութենէն դեռ չեն յստակացուցած, թէ ՔՊ ցուցակէն որոնք պիտի երթան գործադիր, սակայն ինքնաբացարկ ներկայացուցած թեկնածուներու մեծ մասը գործադիրի ու մարզերու մէջ գործող, կամ նախկին պաշտօնեաներ են՝ նախարարի պաշտօնակատարներ, մարզպետներ ու քաղաքապետներ։

Ինչ կը վերաբերի «Պատիւ ունեմ» դաշինքին, դաշինքի ներկայացուցիչ՝ Սոս Յակոբեան ըսաւ, որ առայժմ յստակ յայտարարութիւն չեն կրնար ընել Ազգային ժողով երթալ-չերթալու վերաբերեալ։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երեք օր տուած է ինքնաբացարկի դիմումներուն համար, վերջնաժամկէտը լրանում է վաղը երեկոյեան ժամը վեցին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment