Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՔՊ-ի Ազգային ժողովի Նախագահի Թեկնածուն Ալեն Սիմոնեանն Է, Փոխնախագահներունը՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Յակոբ Արշակեան

ՔՊ-ի Ազգային ժողովի Նախագահի Թեկնածուն Ալեն Սիմոնեանն Է, Փոխնախագահներունը՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Յակոբ Արշակեան

by MassisPost

«Քաղաքացիական պայմանագրի» խորհրդարանի խօսնակի թեկնածուն Ալեն Սիմոնեանն է, տեղեկութիւնը «Ազատութիւն»ին հաղորդեց իշխող կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր՝ Հրաչեայ Յակոբեան։

Ընտրութիւններու արդիւնքներով մեծամասնութիւն ստացած ուժը նաեւ Ազգային ժողովի երկու փոխնախագահներու թեկնածուները որոշած է, անոնք կ’առաջադրեն այս խորհրդարանէն ներս Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ղեկավարած՝ Ռուբէն Ռուբինեանը ու լրագրողի հետ տեղի ունեցած միջադէպէն յետոյ հրաժարական տուած բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախկին նախարար՝ Յակոբ Արշակեանը։

Ի տարբերութիւն ԱԺ-ի փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեանի, խորհրդարանի գործող ղեկավար՝ Արարատ Միրզոյեան ընտրարշաւի ընթացքին բաւական կրաւորական էր։ Դեռ անյայտ է, որ պետական կառավարման համակարգին մէջ ան ի՞նչ պաշտօն կը ստանայ կամ արդեօք կը ստանայ ընդհանրապէս։

«Չգիտեմ ինքնառաջադրուել էր, թէ որեւէ մէկն առաջադրել է, բայց քննարկումների արդիւնքում կուսակցութիւնը ունեցաւ որոշում, որ պէտք է Ալեն Սիմոնեանը լինի Ազգային ժողովի նախագահի մեր թեկնածուն», – ըսաւ Յակոբեան:

Խորհրդարանի խօսնակի ու 3 փոխխօսնակներու ընտրութիւնը ԱԺ-ի առաջին նստաշրջանի օրակարգային հարցերէն պիտի ըլլայ։ Բոլոր խմբակցութիւնները թեկնածուներ առաջադրելու իրաւունք ունին, բայց Ազգային ժողովի նախագահն ու փոխնախագահները մեծամասնութեամբ պէտք է ընտրուի, իսկ ապագայ խորհրդարանէն ներս նոյնիսկ ընդդիմադիր 2 խմբակցութիւնները միասին 54 ձայն չունին, ընտրութեան համար այդքան ձայն հարկաւոր է ։

Առաջին նստաշրջանը  պէտք է գումարուի ԱԺ-ի կանոնակարգ օրէնքով՝ խորհրդարանի կազմաւորումէն ետք` երկրորդ երկուշաբթի օրը: ԿԸՅ-ի քարտուղար՝ Արմէն Սմբատեան առանց յստակ օր նշելու տեղեկացուց, որ Ազգային ժողովը այս շաբաթ կը կազմաւորուի, այսինքն՝ նոր պատգամաւորներու անունները յայտնի կը դառնան այս շաբաթ, ուրեմն առաջին նստաշրջանը Օգոստոս 2-ին պիտի գումարուի։ Օրը պէտք է ԿԸՅ նախագահը յայտարարէ։ Մանտաթներու հանդիսաւոր յանձնում, ըսաւ, այս պահուն չեն ծրագրեր։

«Մենք վաղուց ենք տեղեակ պահել Ազգային ժողով անցած ուժերին, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ծրագրում է մինչեւ ամսի 21-ը ինքնաբացարկի դիմումները եւ դրանից հետ գումարել նիստ ու բաշխել մանտաթները: Այս պահին ինքնաբացարկներ չկան», – ըսաւ Սմբատեան:

Թէ ո՞վ կը վերցնէ մանտաթը եւ ով կ’երթայ գործադիր, ՔՊ-էն Հրաչեայ Յակոբեան ըսաւ, որ որոշուած է, բայց ինքը կուսակցութեան վարչութեան անդամ չէ եւ շատ մանրամասնութիւններ չի գիտեր։ Որոշումներէն մէկը, զոր հաղորդեց՝ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը 2.5 տարի ղեկավարած, ընտրացուցակի 3 համարը գրաւած Լիլիթ Մակունցը առաջիկայ օրերուն պիտի նշանակուի ԱՄՆ-ի մօտ Հայաստանի դեսպան։ Իշխող խմբակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Հայկ Կոնճորեան, իսկ քարտուղարը պիտի ըլլայ Նազելի Բաղդասարեան։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» ու «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու ներկայացուցիչները վստահեցուցած են, որ վերջնական որոշում չունին մանտաթները վերցնելու կապակցութեամբ։ Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարած «Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակի 2-րդ համար, դաշնակցութեան ԳՄ ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութիւն»ին ըսաւ, թէ այժմ քննարկումներու մէջ են եւ չորեքշաբթի օր կը հրապարակեն որոշումը, եթէ մանտաթները պիտի վերցնեն, եւ այդ պարագային որոնք պիտի դառնան պատգամաւոր։

«Նախնական քննարկումներում դէպի այդ ուղղութեամբ ենք գնում, բայց կը սպասենք երկու օր, վերջնական պարզ կը լինի», – ըսաւ Սաղաթէլեան:

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ Ռոպերթ Քոչարեանի մանտաթ վերցնել-չվերցնելու հարցն ալ այդ օրը պիտի որոշուի, Իշխան Սաղաթէլեանը պատասխանեց. «Այդ մասին որոշում արդէն կարծես թէ կայ, բայց այդ մասին Ռոպերթ Քոչարեանը կը խօսի, ես հիմա ոչ մի բան չեմ ասում»:

«Պատիւ ունեմ»էն Սոս Յակոբեան իր անձնական կարծիքը փոխանցեց, ըսաւ թէ դաշինքի պաշտօնական դեռ չկայ. «Մանտաթները վերցնելն առաւել արդիւնաւէտ է, քան դրա հակառակը՝ չվերցնելը: Ընդհանուր առմամբ պաշտօնական որոշում դեռեւս յստակեցուած չէ: Ընդամէնը երեք օր է մնացել այդ ամէնի հանգուցալուծմանը, հետեւաբար շատ մօտ ժամանակում կ’իմանանք գնում է խորհրդարան «Պատիւ ունեմ» դաշինքը, թէ ոչ»:

Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներէն մէկը պէտք է ըլլայ ընդդիմադիր խմբակցութենէն։ Եթէ որոշեն երթալ խորհրդարան, «Պատիւ ունեմ»ի ներկայացուցիչը չբացառեց, որ փոխխօսնակի թեկնածու կ’առաջադրեն։

«Բնականաբար, բացառել դա չենք կարող, բայց այդպիսի որոշում կայացնելու համար կան որոշակի թուլեր, որոնցից մէկը, օրինակ, քաղաքական խորհրդակցութիւններն են», – ըսաւ Սոս Յակոբեան:

Դեռ գործող ԱԺ-ի 11 յանձնաժողովներէն որ մէկը իշխանութիւն, որ մէկը ընդդիմութիւնը կը ղեկավարէ, 3 տարի առաջ որոշուեցաւ քաղաքական պայմանաւորուածութեամբ։ Ընդդիմութիւնը ինքզինք արմատական հռչակած է, խոստացած է օր ու արեւ չտալ իշխանութեան։ Այս պայմաններու մէջ արդեօք հակուա՞ծ են ընդդիմութեան հետ պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման երթալու։ Հրաչեայ Յակոբեանի խօսքով՝ իրենց համար կան կարեւոր յանձնաժողովներ, որոնց նախագահութիւնը չեն պատրաստուիր զիջիլ, ան մասնաւորապէս նշեց Պաշտպանութեան ու պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովները:

Ի դէպ՝ Յակոբեան չի կարծեր, թէ դժուար օրեր կը սպասուին իրենց համար. «Վստահ եմ, որ դժուար օրեր չեն սպասւում, ինչպէս իրենք են ասում, որ օր ու արեւ չենք տալու, կու գան, կը տեսնենք՝ ով ում օր ու արեւ չի տայ»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment