Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարուժան Ներսէսեան Դեսպան Նշանակուած է Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ

Վարուժան Ներսէսեան Դեսպան Նշանակուած է Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ

by MassisPost

Վարուժան Ներսէսեան ետ կանչուած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն եւ նշանակուած դեսպան՝ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մօտ՝ երեք տարի ժամկէտով: Համապատասխան հրամանագիրները նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է այսօր՝ Յուլիս 16-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութեամբ:
Ներսէսեան ԱՄՆ-ի մօտ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւնը կը ղեկավարէր 2018 թուականի Հոկտեմբերէն:

Այսօրուայ մէկ այլ հրամանագիրով, որ նոյնպէս հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջ, Ձիւնիկ Աղաճանեան ետ կանչուած է Ինտոնեզիոյ, Մալայզիոյ եւ Սինկաբորի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն:
Աղաճանեան Ինտոնեզիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուած էր 2018-ի Մարտին, մինչ այդ շուրջ 7 տարի ղեկավարած էր Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւնը Հոլանտայի մէջ:

Ատրպէյճանցիները կրակ բացած են Երասխի դիրքերու ուղղութեամբ, հայկական կողմը հակազդող գործողութիւններու դիմած է

Այսօր՝ Յուլիս 16-ի առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածը տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները դիմած են հակազդող գործողութիւններու: Հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Նախիջեւանի համազօրային բանակը, իր հերթին, պնդած է, թէ հայկական Զինուած ուժերը կրակած են ատրպէյճանական երկրաչափական ստորաբաժանումներու անձնակազմի եւ սարքերու ուղղութեամբ, իրենք պատասխան կրակ են բացած, կորուստներ եւ վիրաւորներ չունին:

Յիշեցնենք, որ սահմանի նոյն հատուածին մէջ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած էր նաեւ երկու օր առաջ, հայկական կողմը հաղորդեց իր մէկ զոհի, ատրպէյճանական կողմը՝ մէկ վիրաւորի մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment