Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուաշինկթըն իր Աջակցութիւնը կը Յայտնէ Մինսքեան Խումբին

Ուաշինկթըն իր Աջակցութիւնը կը Յայտնէ Մինսքեան Խումբին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակէն ներս ղարաբաղեան հարցի խաղաղ կարգաւորման, «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան հաղորդած են ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութենէն՝ աւելցնելով, որ ԱՄՆ-ը հաւատարիմ է կողմերուն օգնել, հասնիլ հակամարտութեան յարատեւ կարգաւորման, հիմնուելով Հելսինկեան եզրափակիչ աքթի` ուժի չկիրառման կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներու վրայ։

«Ամերիկայի ձայն»ը Պետական քարտուղարութեան հարց ուղղած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Պլինքընի ու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լը Տրիանի հանդիպման ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացի քննարկման մասին։ Պետական քարտուղարութենէն ի պատասխան մատնանշած են ֆրանսական կողմի տարածած տեղեկատուութիւնը, ըստ որու՝ Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանսայի ու ԱՄՆ-ի դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման կողմերը, որպէս Մինսքի խումբի համանախագահողներ խօսած են համատեղ գործողութիւններու մասին, որոնք կ’օգնեն հասնելու կայուն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

«Մեզ խորապէս կը մտահոգէ անցեալ աշնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան վերսկսման ազդեցութիւնը, յստակ կը գիտակցինք տարածաշրջանի մէջ առկայ մարդասիրական կարիքները», – նշած է Պետական քարտուղարութիւնը:

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներ, անոնց կարգին՝ Շուշի, Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններու ու դիւանագէտներու այցին չէին մասնակցած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երեք երկիրներու՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի ու Ռուսաստանի դեսպանները, ինչ որ Ատրպէյճանի մէջ «տեմարշ» որակուեցաւ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը չէ մեկնաբանած, թր ի՞նչն է չմասնակցելու պատճառը, ու արդեօք համանախագահող երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն եղա՞ծ է հրաւէրը մերժելու հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment