Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան. «Առաջնորդուիլ Պետական Շահերով Միայն»

Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան. «Առաջնորդուիլ Պետական Շահերով Միայն»

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Համբիկ Սարաֆեան համաձայն չէ, թէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք կապը խզուած է հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ: «Ընդհակառակը, այսօր պէտք է աւելի օժանդակենք հայրենիքին, որ կը գտնուի շրջադարձային ժամանակահատուածի մէջ:

«Առաջին լրատուականին» տրուած ուղիղ հարցազրոյցի մը մէջ Ընկ. Սարաֆեան Սփիւռքի առաջնահերթ հարց համարեց Հայաստանի անվտանգութեան եւ Արցախի կարգավիճակի ապահովումը: Ան պատմական սխալ համարեց մնայուն այն տպաւորութիւնը, թէ Ռուսիան երբեք չի հեռանար տարածաշրջանէն:

«Բոլոր երկիրները կ’ունենան այլընտրանքային ծրագիրներ: Մենք սակայն մէկ ծրագիր ունէինք եւ համոզուած էինք, որ ռուսերը մեզի անպայման պիտի օգնեն, նոյնիսկ եթէ այդ չի բխիր իրենց տարածաշրջանային շահերէն», ըսաւ ընկ. Սարաֆեան:

Ան անհասկնալի համարեց հայկական ինքնիշխանութենէն հրաժարելու մասին ոմանց կոչերը, զանոնք որակելով ոչ թէ ազգային դիրքորոշում, այլ Մոսկուային հաճոյանալու փորձեր:

Ընկ. Սարաֆեան նշեց, որ երբ Ատրպէյճան անցնող 10 տարիներուն սպառազինութեան մրցավազքի մէջ էր, մեր պետական այրերը կը համոզէին ժողովուրդին, որ մենք համաչափ զէնք կը ստանանք Ռուսիայէն, սակայն պարզուեցաւ որ այդպէս չէ: «Անկախութիւնը կարելի չէ սակարկել, այլ պէտք է մենք ըլլանք մեր երկրին տէրը, մեր որոշումները բխին մեր պետական, ոչ թէ ուրիշներու շահերէն», ըսաւ ընկ. Սարաֆեան եւ յիշեցուց, թէ 30 տարի չկրցանք պետական մտածողութիւն եւ մշակոյթ ձեւաւորել Հայաստանի մէջ:

«Աւելի առաջնորդուեցանք զգացական նկատառումներով, քան մեր շահերով: Մենք պէտք է սկսինք խօսիլ Թուրքիոյ հետ, գոնէ հասկնալու երկու կողմերուն ակնկալիքները, առանց միջնորդի», եզրափակեց ընկ. Սարաֆեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment