Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողանի Որոշումով Թուրքիոյ Մէջ Կը Հիմնադրուի Ցեղասպանութիւններու Ուսումնասիրման Հիմնարկ

Էրտողանի Որոշումով Թուրքիոյ Մէջ Կը Հիմնադրուի Ցեղասպանութիւններու Ուսումնասիրման Հիմնարկ

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ստորագրած է որոշում ցեղասպանութիւններու հետազօտական հիմնարկ ստեղծելու մասին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հիմնարկը պիտի գործէ Պոլսոյ համալսարանին կից եւ պիտի կոչուի «Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու միջազգային հիմնարկ»:

Էրտողանի կողմէ Յուլիս 14-ին ստորագրուած որոշումը տեղադրուած է պաշտօնական որոշումներու ու կարգադրութիւններու հրապարակման Resmi Gazete կայքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment