Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Գրիգորեան Նշանակուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարի Առաջին Տեղակալ

Արմէն Գրիգորեան Նշանակուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարի Առաջին Տեղակալ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի այսօրուայ ստորագրած որոշումով՝ Արմէն Գրիգորեան նշանակուած է արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ։ Որոշումը հրապարակուած է կառավարութեան e-gov.am պաշտօնական կայքէջը։

Նախօրէին կառավարութեան ղեկավարը որոշում ստորագրած է Գրիգորեանը Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն ազատելու մասին։

Նիկոլ Փաշինեանի այսօրուայ մէկ այլ որոշումով՝ Արարատ Թումանեան նշանակուած է Սիւնիքի մարզի Մեղրի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար:

Յիշեցնենք, որ Մեղրիի համայնքապետի պաշտօնէն օրեր առաջ հրաժարական տուած Մխիթար Զաքարեան կալանաւորուած է Քննչական կոմիտէէն ներս քննուող չարաշահումներու գործով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment