Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Շքեղ Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնարկէքը

Շքեղ Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնարկէքը

by MassisPost

Կլենտէյլ քաղաքի եւ ԱՄՆ-ի համայն հայութիւնը, պատմական յիշատակելի օր մը ապրեցաւ անցեալ Կիրակի, Յուլիսի 11-ին, 2021: Արդարեւ, այս հիւրընկալ ափերու հայ գաղութի գլխաւոր կազմակերպութիւններու միացեալ մարմնի տարիներու երազն էր ունենալ հայ-ամերիկեան թանգարան մը, որ միեւնոյն ժամանակ պիտի դառնար մշակութային կեդրոն մը, նորահաս սերունդներու ծանօթացնելու մեր դարաւոր մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը:

Կլենտէյլի սիրտին, հանրային գրադարանի կողքի այգիին մէջ, թանգարանի շինութեան համար նախատեսուած հողատարածքն ստացած էր տօնական կերպարանք: Հիմնարկէքին համար պատշաճ նախապատրաստութիւններ եղած էին մեծ բծախնդրութեամբ:

Ընտրանի հասարակութեան մէջ իրենց տեղերը գրաւած էին Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Խնամակալ Մարմնի անդամները, յարանուանութեանց եւ քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութեանց ղեկավարներ, գոնկրէսական Ատամ Շիֆ, ինչպէս նաեւ դաշնակցային եւ նահանգային ղեկավարներ, բարերարներ եւ այլ հիւրեր:

Խնամակալ Մարմնի գործադիր տնօրէն Շանթ Սահակեանի ողջոյնի ջերմ խօսքերէն ետք, ՀԲԸՄ-ի երգչախումբէն Լիլիա եւ Ալեքսանտրա Եարալեանի կատարմամբ յոտնկայս ունկնդրուեցաւ ազգային քայլերգերը:

Հոգեւոր առաջնորդներու (փոխ-ատենապետներ) օրհնութեան աղօթքէն ետք՝ գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ հեռատեսիլի KTLA կայանի հաղորդավարուհի Էլինա Աբովեանի: Այս առթիւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Կլենտէյլի քաղաքապետ Փօլա Տիվայն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան, Վրէժ Աղաճանեան, Արտի Քասախեան եւ Տանիէլ Պրօթման:

Հիմնարկէքի յանձնախումբի անունով՝ ատեպետուհի Թալին Եագուպեան, իր ելոյթին մէջ ողջունեց ներկայ հասարակութիւնը եւ պարզեց հայ-ամերիկեան թանգարանի առաջադրանքը որ է մեր դարաւոր ժառանգութիւնը ծանօթացնել նորահաս սերունդին եւ երկրի բնակչութեան: Մէջ ընդ մէջ լայն պաստառի վրայ ցուցադրուեցան հետաքրքրական տեսարաններ ապագայ թանգարանի (թուայնացեալ) բաժանմունքներուն եւ արտաքին ու ներքին երեւոյթներուն ու սարքարւորումնրուն մասին:

Յաջորդաբար շնորհաւորական ելոյթներով եւ հայ ժողովուրդի զօրակցութեան ու այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնն արժեւորող ելոյթներով հանդէս եկան Գալիֆորնիոյ սենաթի անդամ Անթոնի Փորթանթինօն եւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆը:

Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան խօսք առնելով, համառօտ կերպով տեղեկութիւններ տուաւ այս օգտաշատ ծրագրին շուրջ ցարդ տարուած աշխատանքներուն եւ յետագայ ծրագիրներուն մասին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հովանաւորներուն, մեծ հաստատութիւններուն եւ քաղաքային իշխանութիւններուն, որոնց շնորհիւ այսօր հիմը կը դրուի սոյն մեծ ծրագրին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ թիակները հողը մխրճելու խորհրդանշական հիմնարկէքի արարողութիւնը: Սոյն արարողակարգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ-Ամերիկեան թանգարանի խնամակալ Մամրմնի 10 կազմակերպութեանց նախագահներն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Տնօրէն Ժողովի (Board of Directors) անդամները: Այս երեւթոյթը թէեւ խորհրդանշական իմաստ ունէր, սակայն միաժամանակ խրախուսիչ էր եւ յուսադրիչ:

Այս առթիւ՝ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատւութիւններ: Մասնաւորաբար յիշատակելի են Գէվոնեան եւ Արաքելեան ընտանիքներու մէկական միլիոն տոլարի նուիրատութիւնները:

Նշենք նաեւ որ օրուան յայտագրի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ Element Band քառեակը, գլխաւորութեամբ Արա Տապանճեանի:

Կը շնորհաւորենք կազմակրպիչները, մաղթելով կանաչ ճանապարհ եւ բարեյաջող աւարտ սոյն համագաղութային եւ համա-ամերիկեան ազգօգուտ ձեռնարկին:

Ներկաները թանգարանի հողատարածքէն բաժնուեցան լաւագոյն տպաւորութիւններովեւ ապագայի վառ յոյսերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment