Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Քննարկած Է Հետագայ Համագործակցութեան Ձեւաչափը

Փաշինեան Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Քննարկած Է Հետագայ Համագործակցութեան Ձեւաչափը

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Յուլիս 9-ին, հանդիպած է արտախորհրդարանական շուրջ տասը քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ:

Ըստ վարչապետի գրասենեակին՝ հանդիպման մասնակցած են «Ազատական կուսակցութեան առաջնորդ՝ Սամուէլ Բաբաեանը, «Ալեանս» առաջադիմական կեդրոնամէտ կուսակցութեան առաջնորդ՝ Տիգրան Ուրիխանեանը, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Նորայր Նորիկեանը, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Սանասարեանը, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութենէն՝ Տիգրան Արզաքանցեանը, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար՝ Տիգրան Խզմալեանը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ՝ Լեւոն Շիրինեանը, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Մհեր Տէրտէրեանը, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար՝ Միքայէլ Հայրապետեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանը:

Փաշինեան տեղեկացուցած է, որ եւս քանի մը կուսակցութիւններու հետ նախապէս պայմանաւորուածութիւն եղած է, պարզապէս «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արամ Սարգսեանը եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ՝ Էտմոն Մարուքեանը Հայաստան չեն գտնուիր:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ այս առաջին հանդիպումը զուտ կազմակերպչական բնոյթ ունի․ – «Պէտք է փորձենք մշտական գործող ձեւաչափ ձեւաւորել իմ մասնակցութեամբ եւ արտախորհրդարանական ուժերի ներկայացուածութեամբ: Մենք սա դիտարկում ենք որպէս, այսպէս ասած, մեր հանրային կեանքի, քաղաքական կեանքի, տնտեսական կեանքի օրակարգային հարցերի քննարկման հարթակ ու եթէ կարելի է այսպէս ասել՝ մտագրոհի տեղ, որտեղ կարող ենք բոլոր հնարաւոր հարցերը քննարկել»։

Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուած են նոր ձեւաւորուող ձեւաչափի հետագայ գործունէութեան, նիստերու օրակարգերու ձեւաւորման եւ աշխատակարգի վերաբերեալ:

Որոշում կայացուած է վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարներու մասնակցութեամբ առաջին նիստը գումարել առաջիկային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment