Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Միութիւնը Յատկացուելիք Ներդրումային Փաթեթը Աւելցուց. Հայաստանին Պիտի Յատկացուի 2,6 Միլիառ Եւրօ

Եւրոպական Միութիւնը Յատկացուելիք Ներդրումային Փաթեթը Աւելցուց. Հայաստանին Պիտի Յատկացուի 2,6 Միլիառ Եւրօ

by MassisPost

Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական միութեան կողմէ ամենալայնածաւալ աջակցութիւնը ստացած երկիրն է, այս մասին յայտարարեց փոխվարչապետի պաշտօնակատար՝ Մհեր Գրիգորեան, Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար՝ Օլիվըր Վարհէիի հետ կայացած հանդիպումէն յետոյ։

Եւրոպական միութիւնը առաջիկայ 5 տարիներու համար Հայաստանին յատկացուելիք 1,6 միլիառ եւրօն այլ աղբիւրներով կ’աւելցնէ 1 միլիառով՝ ընդհանուր ներդրումային փաթեթը դարձնելով 2,6 միլիառ եւրօ։ Ներդրումային փաթեթի ծաւալով Հայաստանը առաջ կ’անցնի Ուքրանիայէն՝ 1,94 միլիառ եւ Մոլտովիայէն՝ 1,63 միլիառ եւրօ փաթեթով։ Ամենաքիչ աջակցութիւնը կը տրուի Ատրպէյճանին՝ 140 միլիոն եւրօ։ Ֆինանսական օժանդակութեան նպատակը համատեղ մշակուած ներդրումային եւ տնտեսական նախագիծերու իրագործումն է:

Տարածաշրջանային այցը Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնակատարը սկսած էր Վրաստանէն եւ կ’աւարտէ Հայաստան։ Մինչ այդ եղած է նաեւ Ատրպէյճան։ Հայաստանի մէջ յանձնակատարը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է, անոնց կարգին՝ նախագահի, վարչապետի ու փոխվարչապետի պաշտօնակատարներուն հետ։ Անդրադարձած են 2020-ի ընթացքին ի յայտ եկած ծանր մարտահրաւէրներուն՝ կարեւորութիւն տալով Ատրպէյճան գտնուող ռազմագերիներու ու քաղաքացիական անձերու առանց նախապայմաններու ու անյապաղ վերադարձին, հանդիպումէն մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է փոխվարչապետի պաշտօնակատարը։

«Յանձնակատարի հետ քննարկել ենք Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակումի ծանրագոյն հետեւանքների եւ յետպատերազմեան իրավիճակի մեղմանն ուղղուած մեր հետագայ գործողութիւնները: Հայաստանը յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով»,- ըսաւ Գրիգորեան:
Մօտ ապագային, Եւրոպական միութիւնը նաեւ 9-10 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն տուժած անձերուն, ըսաւ յանձնակատարը։ Բացի այդ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է աջակցիլ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու հարցով։ Օլիվըր Վարհեին այս մասին խօսած էր Պաքուի մէջ եւ վերահաստատեց նաեւ Երեւանի մէջ։

«Կ’ուզեմ վերահաստատել, որ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է շատ աշխոյժ դերակատարում ստանձնել հակամարտութեան մարտական գործողութիւններուն յաջորդած իրավիճակին, աջակցելով վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրագործման, յատկապէս առաջին հերթին յաղթահարելու համար մարդասիրական ճգնաժամը»,- ըսաւ Օլիվըր Վարհեին:

Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս, Հայաստանին տրամադրուող գումարի զգալի մասը Եւրոպական յանձնաժողովը ծրագրած է ուղղել պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի հետ սահմանակից դարձած Սիւնիքին՝ դիմադրողականութեան ամրապնդման համար։ Հայաստանը կը շարունակէ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղին՝ իր խօսքին մէջ ընդգծեց Մհեր Գրիգորեան։

«Նշենք, որ աջակցութիւնն ուղղուելու է կառավարութեան եւ ԵՄ-ի համատեղ սահմանուած հինգ առաջնահերթ նախաձեռնութիւններին, որոնք առնչւում են փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնների աջակցութեանը, Հիւսիս-հարաւ մայրուղու եւ աջակցող ենթակառուցուածքների կառուցմանը, Հայաստանի հարաւային շրջանների ընկերային-տնտեսական զարգացմանը, թուային կառավարման եւ նորարարութեան խթանմանը, ինչպէս նաեւ Երեւանի՝ որպէս կանաչ եւ խելացի քաղաք, զարգացմանը»,- նշեց փոխվարչապետի պաշտօնակատարը:

Նախորդ տարի Եւրոպական միութիւնը 100 միլիոն եւրօ յատկացուց Հայաստանին՝ համավարակէն յետոյ վերականգնուելու համար, յիշեցուց Օլիվըր Վարհեին, հիմա ալ կը կատարուի հնարաւոր ամէն բան Հայաստանին Քովիտի դէմ պատուաստանիւթեր անհրաժեշտ քանակով ապահովելու համար։ Որեւէ մէկը ապահով չէ, քանի դեռ բոլորը ապահով չեն եւ համավարակը չ’աւարտիր, քանի դեռ բոլորը պատուաստուած չեն՝ յանձնակատարը խօսելով պատուաստումներու կարեւորութեան մասին կոչ ըրաւ բոլորին պատուաստուելու։

«Հայաստանը վատնելու ժամանակ չունի, տնտեսական հնարաւորութիւններ վատնելու ժամանակ չունի այլեւս, մեզի պէտք է եւ անհրաժեշտ է, որպէսզի բոլորը երթան եւ պատուաստուին», – ընդգծեց Վարհեին:

Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնակատարը ողջունեց նաեւ Հայաստանի մէջ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու արդիւնքը՝ յոյս յայտնելով, որ շատ շուտով Հայաստան կ’ունենայ ուժեղ կառավարութիւն եւ խորհրդարան եւ ընելիքները շատ են՝ ընդգծեց ան։ Մինչ այդ վարչապետի պաշտօնակատարի հետ հանդիպման ժամանակ ալ անդրադարձ եղած է ընտրական գործընթացներուն, որու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած էր, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու հիմնարկը կայացած է նաեւ Եւրոպական միութեան աջակցութեամբ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment