Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պէտք է Ունենալ Մարտունակ Զինուած Ուժեր. Արցախի նախագահ

Պէտք է Ունենալ Մարտունակ Զինուած Ուժեր. Արցախի նախագահ

by MassisPost

«Քաղաքական օրակարգում խաղաղութեան պահպանումն է, բայց պէտք է ունենանք ուժեղ եւ մարտունակ զինուած ուժեր», – յայտարարած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ նշանակութեան վարչութիւն այցելութեան ժամանակ:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան այսօր՝ Յուլիս 7-ի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յարութիւնեան պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է 44-օրեայ պատերազմին առաւել աչքի զարնող ծառայողներուն: Ան ընդգծած է, որ, չնայած պատերազմի ծանր ելքին, տղաները պատիւով կատարած են հայրենիքի պաշտպանութեան իրենց գործը՝ իւրաքանչիւր հատուածի մէջ թշնամիին դէմ կռուելով մինչեւ վերջին փամփուշտը:

«Գլուխ եմ խոնարհում մեր բոլոր նահատակների յիշատակի առջեւ: Ձեր շնորհիւ այսօր մենք շարունակում ենք մեր հայրենիքի փրկուած հատուածում փայփայել հայկականութիւնն ու անկախ պետականութիւն ունենալու մեր երազանքը: Համոզուած եմ՝ միասին դեռ մեծ ծառայութիւններ ունենք մատուցելու մեր հայրենիքին ու ժողովրդին»,- ըսած է Արցախի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment