Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴ-ը Չի Կրնար Երթալ Ինքնասպանութեան. Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր Ճանչնալու Հիմքեր Չկան․ Դիտորդ

ՍԴ-ը Չի Կրնար Երթալ Ինքնասպանութեան. Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր Ճանչնալու Հիմքեր Չկան․ Դիտորդ

by MassisPost

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած 4 ուժ՝ «Հայաստան» դաշինքը, «Պատիւ ունեմ» դաշինքը, «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնը  եւ «Զարթօնք» կուսակցութիւնը Սահմանադրական դատարանին մօտ վիճարկած են ընտրութիւններու արդիւնքները։ Քաղաքական ուժերը ՍԴ-էն կը պահանջեն ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալ կամ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու եւ մանտաթներու բաշխման կարգը սահմանել կամ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ նշանակել։

«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ՝ Արամ Վարդեւանեան այսօր՝ Յուլիս 2-ին նշած է, որ  վիճարկուած է ընտրութեան արդիւնքներու վերաբերեալ ընդունուած որոշման սահմանադրականութիւնը, օրինականութիւնը եւ փաստական հանգամանքները։

Վարդեւանեանի խօսքով՝ ՍԴ-ն նշուած դիմումը քննութեան առարկայ պիտի դարձնէ թէ՛ քանակական խախտումներու իմաստով՝ քուէարկութեան օրուայ վերաբերեալ եւ թէ՛ որակական իմաստով, ինչ որ կը վերաբերի այն հարցերուն, որոնք կը ներկայացուին սկսեալ Մայիս 10-էն։ Վարդեւանեան յայտնած է, որ դիմումը ներկայացուած է 12 կէտէ բաղկացած խնդիրներու մանրամասն վերլուծութեամբ, կից փաստաթղթերով եւ անոնց վերաբերեալ հիմնաւորումներով։

Ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքը դիտարկած «Անկախ դիտորդ» դաշինքի ներկայացուցիչ, իրաւապաշտպան՝ Արթուր Սաքունցը Civic.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ իրենց գնահատականը յստակ է. ո՛չ քանակական առումով եւ ո՛չ որակական առումով այդպիսի զանգուածային խախտումներ չեն եղած, չեն եղած այնպիսի խախտումներ, որոնք որոշիչ ազդեցութիւն ունենան ընտրողներու կամքի ազատ արտայայտման սահմանափակման վրայ։ Այդպիսի խախտումներ չեն եղած նաեւ քուէներու հաշուարկի ժամանակ, որոնք որոշիչ ազդեցութիւն կրնային ունենալ ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն վրայ:

Նկատենք, սակայն, որ «հետաքրքիր»  զուգադիպութեամբ «Ընտրութիւնը քոնն է» դիտորդական առաքելութիւնը երէկ հրապարակած է իր դիտորդական եզրակացութիւնը ընտրութիւններու վերաբերեալ, ուր մատնանշուած են «բազմաթիւ խախտումներ»։ Սաքունցը նշեց, որ այդ զեկոյցը նախ «աննախադէպ» է այն իմաստով, որ այս կարճ ժամանակին նման ծաւալի եզրակացութիւն հրապարակել հնարաւոր չէր, եւ յետոյ անոր ու որոշ ուժերու ՍԴ ներկայացուցած դիմումներուն միջեւ ուղիղ կապ կայ։ «Ես ուղակի կապ եմ տեսնում այդ դիտորդական առաքելութեան կողմից հրապարակուած եզրակացութեան եւ այսօր ՍԴ-ում ներկայացող դիմումների միջեւ։ Համոզուած եմ, որ հաստատ օգտագործուելու են այդ դիտորդական առաքելութեան ոչ առարկայական գնահատականները, եզրակացութիւնները։ Պէտք է յստակ ընդգծել, որ այդ դիտորդական առաքելութիւնը նախորդ բոլոր ընտրութիւնների ժամանակ, երբ աղաղակող խախտումներ են եղել, ընտրութիւնները համարել է ազատ ու արդար։ Իսկ հիմա, երբ խախտումները եղել են պատահական, ոչ մասսայական, նման գնահատական է հրապարակուել։ Սա չի կարող զուտ պատահականութիւն լինել։ Այստեղ յստակ միտում կայ»,- ըսաւ Սաքունց՝ աւելցնելով, որ որեւէ բաց աղբիւրէ տեղեկատուութիւն չկայ, թէ ուրկէ կը ֆինանսաւուրուի այդ դիտորդական առաքելութիւնը, ինչ որ կասկածներ կը յարուցէ, որ ֆինանսաւորումը կրնայ ըլլալ ընտրութիւններուն մասնակից որեւէ քաղաքական ուժի կողմէ։

Ինչ կը վերաբերի Սահմանադրական դատարանի հնարաւոր գործողութիւններուն, իրաւապաշտպանը նկատել տուաւ, որ բարձր դատարանը չ’երթար ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու ճանապարհով, քանի որ, չկան բաւարար հիմքեր. «Ես խորը կասկած ունեմ, որ ՍԴ-ն կը համարձակուի գնալ ինքնասպանութեան։ Իսկ եթէ Սահմանադրական դատարանը համարձակուի բաւարարել նման անհիմն դիմումները, ապա դա ՍԴ-ի համար կը լինի ինքնասպանութիւն»,-եզրափակեց Արթուր Սաքունց։

Սահմանադրական դատարանի մասին սահմանադրական օրէնքին մէջ 2018-ին եղած փոփոխութիւններէն յետոյ, առաջին անգամն է, որ ՍԴ-էն ներս ընտրութիւններու վերաբերեալ վէճը քննութեան առարկայ պիտի դառնայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment