Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պարտուողներն Ու Յաղթողները

Պարտուողներն Ու Յաղթողները

by MassisPost

Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անցան պատմութեան: Ինչպէս որեւէ ընտրպայքար, այս եւս ունեցաւ իր պարտուողներն ու յաղթողները, որոնց վրայ արժէ ակնարկ մը նետել ու արժեւորել իւրաքանչիւրի ունեցած դրական կամ բացասական դերակատարութիւնը ընդհանուր պատկերին մէջ:

Ռոպերթ Քոչարեան ընտրպայքարի մէջ մտաւ յայտարարելով որ, «կռելու է» եւ թէ ինք «երբեք ընտրութիւն չէ կորսնցուցած»: Ան կը խորհէր որ, «Հոկտեմբեր 27»-ը, «Մարտի 1»-ը, տասնեակ քաղաքական սպանութիւնները, երկրի հարստութեան կողոպուտը, օլիկարխիկ համակարգի ստեղծումը հեռաւոր անցեալ են ու ժողովուրդի յիշողութիւնը կարճ: Օգտագործելով ֆինանսական հսկայ միջոցները, լրատուական լայն ցանցը, հանրային կարծիքի կեղծ հարցախոյզերը, գործարարներու կողմէ պարտադրուած ներկայութիւն ապահովելու եղանակը, Քոչարեան փորձեց ստեղծել մեծ ժողովրդականութիւն վայելող՝ ուժեղ ու անպարտելի ղեկավարի կերպար: Քոչարեանը ու իր ամբողջ շրջապատը հաւատալով այդ պատրանքին վստահ էին, որ պիտի գան իշխանութեան ու կը մնար ճշդել թէ ինչպիսի հաշուեյարդար պիտի տեսնեն Փաշինեանի հետ:

Արդիւնքները եկան հակառակը փաստելու ու անոնց յուսախաբութիւնը եղաւ ամեմէն մեծը: Քոչարեան դարձաւ այս ընտրութիւններու գլխաւոր պարտուողի դափնեկիրը:

Պարտուողներու ցանկին վրայ երկրորդ «պատուաբեր» տեղը կը պատկանի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներուն, որոնք այս ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքին դրսեւորեցին իրենց կոչումին հակառակ կեցուածք ու դարձան կողմերէն մէկուն կցորդ ու մունետիկ: Փոխանակ հոգեւոր սնունդ մատակարարելու իրենց հոտին ու լսելու անոնց ձայնը, անոնք շեղեցան իրենց գլխաւոր առաքելութենէն ու մուտք գործեցին քաղաքականութեան ականապատ դաշտէն ներս:

Աւելի դատապարտելի էր անոնց պահուածքը արդիւնքներու հրապարակումէն ետք, երբ սկսան անէծք թափել իրենց կամքին հակառակ քուէարկողներուն գլխուն, վիրաւորական խօսքեր ուղղելով ու սպառնալով՝ հաշուեյարդար տեսնել ժողովուրդին հետ:

Պարտուողներու շարքին կը պատկանի նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, որու վերջին շրջանի բոլոր կանխատեսումները սխալ դուրս եկան: Տէր Պետրոսեան լաւ առիթ ունէր հանրութեան ներկայանալու որպէս՝ 2018-ի ժողովրդային յեղափոխութեան սկզբունքները կրող, սակայն աւելի փորձառու այլընտրանք գործող իշխանութիւններուն: Ան որդեգրելով արմատական ընդդիմադրութեան կարգախօսները անցաւ կարգ մը կարմիր գիծեր, որոնցմէ գլխաւորը իր անցեալի հազարաւոր համակիրներուն համար անընդունելի կերպարներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ դաշինք կազմելու հրապարակային առաջարկն էր: ՀԱԿ-ի ստացած ձայներու թիւը եկան վկայելու որ, Լեւոն Տէր Պետրոսեան այս անգամ վրիպեցաւ իր վերլուծութիւններուն մէջ:

Հայաստանի մէջ կը գործէ «Կալոփ» անունով ընկերութիւնը մը, որ կը յաւակնի հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւններ պատրաստել: Այս ընկերութիւնը որեւէ կապ չունի Ամերիկեան նշանաւոր «Կալոփին» հետ ու վերջին ժամանակաշրջանին անոր հրապարակած հարցախոյզերու արդիւնքները ոչ միայն հարուստ էին բացայայտ կեղծիքներով, այլ ամբողջութեամբ սխալ դուրս եկան՝ հակառակ պատկեր ներկայացնելով սպասուող քաղաքական գործընթացներուն մասին:

Հայաստանեան այս «Կալոփը» դուրս եկաւ վարկաբեկուած ու արժանի է դասուելու պարտուողներու շարքին:

Ընտրապայքարէն յաղթական դուրս եկան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը: Ընտրութիւն կեղծելու փորձութեան չմատնուելով ու ապաւինելով բացառապէս ընտրողներու դատողութեան, անոնք կազմակերպեցին յաջորդական երկրորդ ազատ ընտրութիւնները:

Փաշինեանի յաղթանակը անակնկալ չէր, սակայն անոր ապահոված տոկոսները կանխատեսուածէն աւելին էին: Քաղաքէ-քաղաք ու գիւղէ-գիւղ այցելելով ու գործած սխալներուն համար ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելով Փաշինեան կարողացաւ զօրաշարժի ենթարկել իր ընտրազանգուածը, որոնք նախընտրեցին երկրորդ առիթ մը տալ Յեղափոխութեան առաջնորդին, այս անգամ թաւշեայ մանտաթը փոխարինելով պողպատեայ մանտաթով:

Այս ընտրութիւններու մեծագոյն յաղթականը Հայաստանի քաղաքացիներուն կը պատկանի: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու պատերազմի թողած վէրքերուն անոնք կարողացան զանազանել կեղծն ու սուտը իրականութենէն: Մերժելով վերադարձ անցեալի յոռի բարքերուն յաջողեցան տէր կանգնիլ իրենց ու իրենց զաւակներու ու թոռներու ազատ ապրելու եւ ազատ քուէարկելու իրաւունքին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment