Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդվարութի՛ւն

Ժողովրդվարութի՛ւն

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Ժողովրդվարութիւն թէ՞ Մենատիրութիւն» խորագրած էինք ընտրութիւններու նախօրեակին գրած մեր յօդուածը: Հայրենի ժողովուրդի պատասխանը յստակ էր. Ժողովրդավարութի՛ւն:

Այս պատասխանը աւելիով կ’արժեւորուի, երբ կը դիտուի մեր կրած ահաւոր պարտութեան լոյսին տակ, նախկին երեք նախագահներուն, ներկայ նախագահին ու երկու կաթողիկոսներուն եւ բազում քաղաքական կուսակցութեանց եւ գործիչներու կոչերուն, որ «դաւաճան», «ազգադաւ», «թուրք» եւ նմանատիպ այլ ածականներով պիտակաւորուած Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական տայ: Այս պատասխանը ցոյց տուաւ, որ անոնք որքան հեռու են ժողովուրդէն: Այս պատասխանը ցոյց տուաւ, որ ժողովուրդը գիտակցեցաւ նախկիններու վերադարձի բերելիք արհաւիրքներուն ու տէր կանգնեցաւ ժողովրդավար համակարգի ընդմէջէն իր ապագան կերտելու կողմնորոշման:

Երբ ընտրութիւններուն արդիւնքը կը դիտենք նախկիններու վերադարձի ձախողման տեսանկիւնէն, գոհ ենք: Բայց մեր գոհունակութիւնը անխառն չէ մի քանի պատճառներով:

Ա. Խորհրդարան մտնող երեք խմբակցութիւններն ալ ռուսամէտ կը համարուին: Մեր կարծիքով, արեւմտամէտ հայեցողութեամբ խմբակցութեան մը ներկայութիւնը պիտի նպաստէր կատարուելիք քննարկումներու բազմազանութեան եւ հուսկ աւելի հաւասարակշռուած որոշումներու գոյացման: Եթէ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեամբ ենթարկուած ըլլային իրենց իշխանութեան տարիներու ընթացքին գործած աւերներուն արժանի պատիժներուն, ապա այս ընտրութիւնները բոլորովին այլ արդիւնք պիտի ունենային, որ մեր համեստ կարծիքով, աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլար Հայաստանի ժողովրդարացման գործընթացին ու յառաջխաղացքին համար:

Բ. Քոչարեան-Սարգսեան խմբակցութիւնը կրնան խանգարել ու պիտի խանգարեն Փաշինեանի խմբակցութեան գործունէութիւնը: Նկատի ունենալով այն փաստը, որ անոնք իրենց իշխանութեան տարիներուն ինչպիսի վնաս հասցուցին մեր պետականութեան, ուրեմն սպասելի է, որ պիտի աշխատին ձախողեցնել որեւէ այլ ուժի յաջողութիւնը (որ պիտի գայ բացայայտելու այդ վնասները եւ տնօրինելու անոնց դարմանները): 2018-էն ի վեր այդ է որ արդէն կ’ընեն:

Գ. Աչքի առջեւ ունենալով այս պատկերը, կը սպասենք որ Փաշինեանի խմբակցութիւնը աւելի կտրուկ միջոցներու դիմէ վերակազմակերպելու համար ի մասնաւորի դատաիրավական համակարգը, որպէս զի  Հայաստանի մէջ տիրէ օրէնքի գերակայութիւնը: Այս քայլին պէտք է յաջորդէ տարիներու ընթացքին ապօրինի միջոցներով հարստացողներուն եւ երկրի հարստութիւնը կողոպտողներուն օրինական դաշտ բերելը եւ անոնց ունեցուածքի վերադարձը պետական գանձարան, որ պէտք է ծառայէ երկրի զարգացման արագացման:

Դ. Կը սպասենք նաեւ, որ պաշտօնի կոչուողները ըլլան այդ պաշտօնի մասնագէտներ եւ առաջնորդուին բացառապէս երկրի գերագոյն շահերով: Պաշտօնի կոչուողներու շարքին նկատի պէտք է առնուի ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ աշխարհացրիւ հայութեան ներուժը:

Ե. Որպէսզի մեր պետականութիւնը առողջ հիմքերու վրայ դրուի, պէտք է բացայայտուին Հոկտեմբեր 27-ի եւ Մարտ 1-ի, ինչպէս նաեւ մեր վերջին պարտութեան պատասխանատուները ու կրեն իրենց արժանի պատիժը:

Ընտրութեան նախօրեակին, երբ որոշ հարցախոյզեր հրատարակուեցան ուր Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան վերատիրանալը հաւանական կը նկատուէր, մենք շատ մտահոգ էինք, որովհետեւ այդպիսի զարգացում մը շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենար ոչ միայն մեր պետականութեան ու հայրենի ժողովուրդին համար, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան հոգեվիճակին վրայ: Մէկ կողմէ պիտի աճէր արտագաղթը, իսկ միւս կողմէ յուսալքման մատնուածներուն այլասերումը:

Մեզի համար զարմանալի էր, որ 268 հազար քաղաքացի իրենց քուէն տուին Ռոպերթ Քոչարեանին եւ 66 հազար ալ Սերժ Սարգսեանին: Շատ հաւանական կը նկատենք, որ ասոնց մեծ մասը պարտադրուած կամ գնուած էին, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել այն ահաւոր կորուստները որոնց ենթարկուեցաւ Հայաստանը անոնց իշխանութեան 20 տարիներու ընթացքին, ու քուէ տալ անոնց:

Մեզի համար զարմանալի էր նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ի նպաստ քուէարկած 19 հազար քաղաքացիներու սակաւ թիւը: Մարդ, որու օրով Արցախեան ազատամարտ կերտուեցաւ եւ որու կանխատեսումները դժբախտաբար իրականացան: Ասիկա կրնանք վերագրել մեր ազգային թերիներէն մէկուն՝ անձնական ու անմիջական շահերը աւելի գերադասելուն, ի վնաս մեր ազգային ու երկարաժամկէտ շահերուն: Որ կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան մշակոյթի զարգացումը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք, որպէս զի քաղաքացիներու կարեւոր քանակ մը հասնի հոն, ուր անձէն աւելի  էական նկատէ տուեալ անձին դաւանած գաղափարները եւ կատարած գործը: Մենք կը սպասենք, որ այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր առնուին մեր կրթական համակարգէն ներս ներմուծելու անհրաժեշտ բարեփոխումները, որոնք պիտի նպաստեն այս ուղղութեամբ սերունդներու դաստիարակման:

Երկրորդ եւ վերջին առիթ մը տրուած է Փաշինեանին, Հայաստանէն ներս ժողովդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը ամրապնդելու: 687 հազար քաղաքացի այդ ակնկալութեամբ իր քուէն տուաւ իրեն: Մեր պատմական երթի այս պահի պատասխանատուն ինքն է: Կ’արդարացնէ՞ արդեօք այդ պատասխանատուութիւնը թէ ոչ, յայտնի կը դառնայ իր կառավարութեան առնելիք քայլերով: Դիտումնաւոր գործածեցինք կառավարութիւն բառը եւ ոչ թէ իշխանութիւն, ի մտի ունենալով Կէօթէի մէկ խօսքը՝ «Իշխելը հեշտ է. կառավարելն է դժուար»: Գալով մեզի՝ Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայութեան, պէտք է ազգովին սատարենք իրեն, լաւագոյնս իրագործելու այս պատասխանատուութիւնը, եւ ըստ այնմ հաշուետուութիւն պահանջենք: Գիտակցի՛նք, որ խնդրոյ առարկան Փաշինեանի անձը չէ, այլ՝ մեր պետականութեան գոյատեւումը եւ մեր ազգի բարօրութիւնը:

************

Յ.Գ. Ստորեւ կ’արտատպենք հատուած մը, «Մասիս»ի 29 Յունուար 1994-ին թիւով հրատարակուած մեր «Անհրաժեշտ Ժողովրդավարութիւնը» խորագրով յօդուածէն, մեկնաբանութիւնը թողելով ընթերցողին:

«Ժողովրդավարութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է արդար միջավայրի մը, հասարակութեան մը գոյառման համար: Այդպիսի միջավայրի մէջ է միայն, որ ամէն մարդու կը տրուի առիթը ըսելու իր խօսքը, գործելու յօգուտ ընդհանրական շահերու եւ հետեւաբար բացայայտելու խաբեբաներու եւ  շահամոլներու սադրանքներն ու անիրաւութիւնները: Եւ այսպիսի ընթացքով է, որ հաւաքականութիւններ կը զարգանան ու կը բարգաւաճին: …Առարկողներ պիտի գտնուին, որ իր առաջին քայլերը առնող պետականութեան մը համար ժողովրդավարութիւնը շռայլութիւն կրնայ ըլլալ: Բայց պէտք է ընդունիլ, որ անոր բացակայութիւնն ալ պիտի նպաստէ ամբողջատիրական վարչակարգի մը ստեղծման, որ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած ըլլալով կործանման, պատմութեան անիւը պիտի ետ տանի հոն, ուրկէ շեղումը սկսած էր, եթէ ոչ աւելի հեռուն:»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment