Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութին. «Ո՛չ Հայաստանը, Ո՛չ Ատրպէյճանը Եւ Ո՛չ Առաւել Եւս Ղարաբաղը Հետաքրքրուած Են Հակամարտութեան Շարունակութեամբ»

Փութին. «Ո՛չ Հայաստանը, Ո՛չ Ատրպէյճանը Եւ Ո՛չ Առաւել Եւս Ղարաբաղը Հետաքրքրուած Են Հակամարտութեան Շարունակութեամբ»

by MassisPost

«Ուղիղ գիծ» ձեւաչափով պատասխանելով Դաշնութեան բնակիչներու հարցերուն` Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին այսօր՝ Յունիս 30-ին, ծագումով հայ քաղաքացիներէն մէկու խնդրանքով մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը:

Փութին ըսած է, որ Ռուսաստանը որոշիչ դեր կատարած է այդ շատ լուրջ ճգնաժամի կարգաւորման գործով: Անոր խօսքով, ոչ ոք՝ ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ ալ առաւել եւս Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները հետաքրքրուած են այդ հակամարտութեան շարունակութեամբ:

«Եթէ մենք կարողանանք բոլորս ապրիլ խաղաղ եւ բարեկամաբար, ապա կը ստեղծենք կեանքի բարելաւման պայմաններ, ընդ որում ոչ միայն անվտանգային առումով, այլեւ ընթացիկ կեանքի ընտանիքներու գոյութեան, տնտեսական եւ ընկերային զարգացման տեսակէտով, ինչով առաւել քան ոչ ոք, շահագրգռուած են Ղարաբաղի բնակիչները, քանի որ պարզապէս անհնարին է ապրիլ հակամարտութեան վերսկսման մշտական սպասումով»,- ըսած է Փութին:

Փութինի խօսքով, բոլորը, ներառեալ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները շատ լաւ կը գիտակցին այդ:

«Այո, շատ հարցեր կուտակուած են, կան ենթակառուցուածքներու վերականգնման խնդիրներ, կան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հետ կապուած հարցեր, յատկապէս այնտեղ, ուր պետական սահմաններ երբեք չեն եղած, եւ եղած է միայն վարչական բաժանում խորհրդային հանրապետութիւններու միջեւ»,- նշած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը:

«Հիմա մենք այդ աշխատանքի ընթացքի մէջն ենք, ստեղծած ենք եռակողմ` հայ-ռուս-ատրպէյճանական աշխատանքային խումբ եւ ամէն ինչ կ’ընենք տարածաշրջանի բնականոն յարաբերութիւնները վերականգնելու համար: Եւ այդ աշխատանքային խումբի արդիւնքի շահառուները անկասկած Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներն են»,- ըսած է Փութին:

Ռուսաստանի ղեկավարը յոյս  յայտնած է, որ «այդպէս ալ կ’ըլլայ, չնայած այն բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կուտակուած են տասնամեակներու ընթացքին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment