Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ձեռնարկատիրութիւնը Պէտք Է Տեսնէ Նախընտրական Խոստումները Կատարելու Վճռականութիւն Ու Հետեւողականութիւն. Փաշինեան

Ձեռնարկատիրութիւնը Պէտք Է Տեսնէ Նախընտրական Խոստումները Կատարելու Վճռականութիւն Ու Հետեւողականութիւն. Փաշինեան

by MassisPost

«Ընդհանուր առմամբ, մեր պիւտճէային գործերը վատ չեն, եւ հարկային եկամուտների հաւաքագրումներն իրականացւում են առաջանցիկ քայլերով», այսօր՝ Յունիս 30-ին, կառավարութեան քննարկման ժամանակ ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանին` աւելի շատ խնդիրներ կան ծախսային առումով, որովհետեւ, ինչպէս ինքը նշած է, ծախսերու արդիւնաւէտութիւնը ընդհանրապէս շատ լուրջ խնդիր է, եւ այդ խնդրի լուծման հաստատութենական համակարգերու մասին պէտք է մտածել:

Փաշինեան յիշեցուցած է նախընտրական խոստումներու մասին` ըսելով, որ անոնք պէտք է իրականութիւն դարձնել. «Նաեւ ձեռնարկատիրութիւնը պէտք է տեսնի այդ խոստումները կատարելու մեր վճռականութիւնն ու հետեւողականութիւնը, որպէսզի համապատասխան դիրքաւորուի այդ գործընթացն իրականացնելու համար, որովհետեւ կառավարութիւնը քաղաքական խնդիրն է դնում, իսկ դրանք մեր այսօրուայ համակարգերով իրականացւում են մասնաւոր հատուածի կողմից, մասնաւորապէս մրցոյթներ են իրականացւում եւ այլն»:

Կառավարութենէն յայտնած են, որ քնարկուած են տնտեսութեան ոլորտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, հարկային եկամուտներու յաւելումի ուղղութեամբ հնարաւոր քայլերը, նիւթական ներդրումներու յաւելման, որակեալ, արդիւնք տուող ներդրումներու ներգրաւման վերաբերող հարցեր, որոնց առնչութեամբ ներկայացուած են տարբեր առաջարկութիւններ եւ դիտարկումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment