Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անցեալ Երեք Ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $7.4 Միլիոնի Բժշկական Օժանդակութիւն Հայթայթած Է Հայաստանին Ու Արցախին

Անցեալ Երեք Ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $7.4 Միլիոնի Բժշկական Օժանդակութիւն Հայթայթած Է Հայաստանին Ու Արցախին

by MassisPost

Ապրիլէն Յունիս 2021-ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $7.4 միլիոն արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $7 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ պիտոյքներ ապահոված է Direct Relief կազմակերպութենէն ($4.7 միլիոն), MAP International կազմակերպութենէն ($2.2 միլիոն), եւ AmeriCares կազմակերպութենէն ($140,071)։

Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ($222,000) եւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի Յիշատակի Ընկերութիւնը ($76,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգորածական Հիմնադրամին, ԱՐՏԱ Բարեգործական Հիմնադրամին, Քանաքեռ-Զէյթուն Բժշկական Կեդրոնին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն։

2021-ի առաջին վեց ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հայրենիք ուղարկած է COVID-19-է վարակուած հիւանդներու խնամքին համար հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղէ, սրտի, աչքի, եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններէ տառապողներու համար, առաւել ամբողջ նաւային արկղ մը առողջաբանական (hygiene) պիտոյքներ։

Անցեալ 32 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $931 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2,502 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Սասունեան յայտնեց նաեւ՝ «Շնորհակալ եմ ԱՐՏԱ Բարեգործական Հիմնադրամին՝ Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կողմէ ապահովուած ու հայրենիքի մէջ հրատապօրէն անհրաժեշտ, $2.2 միլիոն արժէքով բժշկական օժանդակութեան առաքման ծախսը՝ $11,500, Հայաստան Արցախ Ֆոնտին նուիրելուն համար։ Կը յուսամ որ ԱՐՏԱ Բարեգործական Հիմնադրամին կատարած այս նուէրը որպէս օրինակ կը ծառայէ  այլ նուիրատուներու, որպէսզի Հայաստան Արցախ Ֆոնտը կարենայ իր կեանք փրկող մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակել հայրենիքի տարածքին»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment