Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Ճօ Պայտըն Շնորհաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը

Նախագահ Ճօ Պայտըն Շնորհաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը

by MassisPost

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ անց ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտըն շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի կապակցութեամբ:

Պայտըն Թուիթըրեան էջին վրայ մասնաւորապէս գրած է. – «Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացման կապակցութեամբ: Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ նաեւ համագործակցութեան ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման ոլորտի մէջ: Մենք հաւատարիմ ենք այս գործընկերութեան ամրապնդման», – գրած է ԱՄՆ-ի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment