Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիա – Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Շնորհաւորական Այցելութիւնը Հայաստանի Դեսպանատուն

Սուրիա – Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Շնորհաւորական Այցելութիւնը Հայաստանի Դեսպանատուն

by MassisPost

Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Սուրիոյ Հարաւային շրջանի Վարիչ Մարմինը ընկերակցութեամբ` Կեդրոնական Վարչութեան փոխ Ա. Պետ` ընկ. Վազգէն Համալեանի, պաշտօնական այցելութեամբ մը գտնուեցան Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցան Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան` Մեծարգոյ տիար Տիգրան Գէորգեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:

Ընկ. Վազգէն Համալեան խօսք առնելով շրջանիս եւ Կեդրոնին անունով, նախ` շնորհաւորեց Հայ Ժողովուրդը վերջին ընտրութիւններու յաջող եւ հեզասահ ընթանալու կապակցութեամբ,ապա շնորհաւորեց Հայաստանի Վարչապետ` Տիար Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրուիլը, մատնանշելով` կուսակցութիւնս մտահոգող նիւթերու մասին, ի մասնաւորի հայ ռազմագերիներու վերադարձը…

Իր կարգին պրն. Դեսպանը ընդունելով շնորհաւորանքը խոստացաւ զայն փոխանցել Հայաստանի Պետութեան եւ պրն. Փաշինեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment